Կոստան Զարեանի արխիւը փոխանցուած է Մատենադարանին
Հայ յայտնի գրող Կոստան Զարեանի ժառանգորդները գրողի ձեռագիրներու արխիւը նուիրած են Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին: Այս մասին նշուած է Մատենադարանի ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
«24 յուլիսին Կոստան Զարեանի ժառանգորդները Մաշտոցեան Մատենադարանին նուիրեցին հայ յայտնի գրող, բանաստեղծ, վիպասան եւ արուեստաբան Զարեանի ձեռագիրներու արխիւը, ինչպէս նաեւ իրենց հօր՝ ճարտարապետ Արմէն Զարեանի ճարտարապետական, քաղաքաշինական, արուեստի մասին տարբեր լեզուներով գրուած, անտիպ ու հրատարակուած ձեռագիր, մեքենագիր նիւթերը: Նուիրատւութեան նպատակն է, պահպանել, արխիւի վերածել, ուսումնասիրել, հրատարակել, հրապարակել եւ թուայնացնել Կոստան Զարեանի գրական, արուեստագիտական, նամակագրական, նօթագրական, կենսագրական ողջ ձեռագիր, մեքենագիր անտիպ եւ հրատարակուած հարստութիւնը։
Նշենք նաեւ, թէ այսքանով արխիւը դեռ չէ ամբողջած: Յառաջիկային, Կոստան Զարեանի այլ երկիրներու մէջ գտնուող արխիւները եւս պիտի հաւաքուին ու բերուին Հայաստան, պահպանուելու Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ»: