Յորդանանի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150 ամեակը (Լուսանկարներ)
Շաբաթ, 24 Օգոստոս 2019-ին, ՌԱԿ Ամմանի Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վարչութեան կողմէ կազմակերպուեցաւ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի յոբելեանական 150-րդ տարին բնորոշող գրական երեկոյ:
Երեկոն կը վայելէր նախագահութիւնը ամմանահայ գաղութի Հոգեւոր Առաջնորդ Տէր Աւետիս Ծրգ. Վրդ. Իփրաճեանի, եւ ներկայութիւնը խուռներամ հանդիսատեսին:
Միջոցառումը տեղի ունեցաւ ԱՄՄ-ի (Ազգային Մարզական Միութեան) ակումբի շքեղ եւ հարազատ սրահին մէջ՝ Էշրէֆիյէ, Ամման:
Ձեռնարկի բանախօսը կը հանդիսանար Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան Ատենապետ Ընկ. Ներսէս Ներսէսեանը:
Օրուայ բանախօսը հանդիսատեսին ներկայացուց Ամենայն Հայոց բանաստեղծի կենսագրական գիծերը, տուաւ տոհմի (գերդաստանի) մանրամասնութիւնները, ներկայացուց յոբելեարի ստեղծագործական փուլերը, եւ որոշ մանրամասնութիւններով նկարագրեց մեծ գրողին գրական ուղին՝ սկսած 1881-էն մինչեւ 1922-ը:
Բանախօսութիւնը նաեւ գեղարուեստական բնոյթ ունեցաւ մերթ ընդ մերթ ցուցադրուելով Թումանեանի գործերէն՝ «Անուշ» օփերայէն, «Տէրն ու ծղառան»ֆիլմէն, «Քաջ Նազար»էն եւ «Շունն ու կատուն» մանկական ֆիլմերէն հատուածներ։
Հանդիսատեսը հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր Թումանեանի տուած վաստակին, որ ըսելիք ունէր ամենափոքրիկէն մինչեւ ամենամեծ հասակով մարդոց:
Ընկ. Ներսէսեանը որոշ մանրամասնութիւններով երեւան հանեց յոբելեարի ունեցած ազգային նկարագրի ծալքերը, 1915 թուականին Ցեղասպանութեան ժամանակ Հայ վերապրողներու համար իր կատարած զոհողութիւնները եւ նուիրումները:
Ան հակիրճ Ձեւով անդրադարձաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ստեղծման ամբողջ շրջանին Յովհաննէս Թումանեանի որդեգրած սկզբունքային կեցուածքին եւ մտածելակերպին:
Յարգելի բանախօսը իր ներկայացման վերջին բաժնին մէջ մանրամասնօրէն ներկայացուց մեզ փոխանցուած մշակութային ժառանգի հարստութիւնը, որ կը բնորոշուի Յովհաննէս Թումանեան անունով կոչուած շէնքերն ու կեդրոնները, Վանաձորի Պետական Համալսարանն ու վարժարանները, Տուն թանգարաններն ու հրապարակները, ըլլան անոնք Հայաստանի մէջ եւ կամ Հայաստանէն դուրս, խորհուրդ տալով հանդիսականներուն այցելել վայրերը, յարգանք եւ սէր մատուցելու անզուգական գրողին եւ մեր մշակութային արժէքներուն։
Երեկոյի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Հոգեշն. Տէր Աւետիս Ծրգ. Վրդ. Իփրաճեանը իր սրտին խօսքը արտասանելու սոյն միջոցառման, որ մեծապէս գնահատեց ձեռնարկը կազմակերպողները, ի մասնաւորի՝ յարգարժան բանախօսը:
Ան խանդավառուած միջոցառումէն, նոյնիսկ անգիր արտասանեց Թումանեանի գործերէն մի քանի հատուած եւ քաջալերեց ծնողները, որ մօտէն ծանօթացնեն Ամենայն Հայոց բանաստեղծը իրենց զաւակներուն, որպէսզի Հայ լեզուն միշտ արտասանուի իւրաքանչիւր Հայ տունէ ներս:
Աւարտին, աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութեան յայտագիրը:
Մարալ Ներսէսեան
Յորդանան