Քոթահիոյ յախճապակիին նուիրուած ցուցահանդէս Մայր Աթոռի հովանաւորութեամբ. Ցուցահանդէսի բացումը պիտի կատարէ Ընկ. Նշան Պալեան
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանիի ներքոյ եւ կազմակերպութեամբ Երուսաղէմի Պալեան նշանաւոր ընտանիքի, 28 Սեպտեմբերին, ժամը 19:30-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի «Կուտինայէն Երուսաղէմ. Յախճապակիի վարպետութեան 100-ամեայ ճամբորդութիւն» խորագրով բացառիկ ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսը նուիրուած է Երուսաղէմի Պալեան ընտանիքի աւանդական գործին՝ Երուսաղէմի մէջ հայկական յախճապակիի հիմնման 100-ամեակին, որ կը լրանայ այս տարի՝ 2019 -ին: Ցուցահանդէսը ամբողջական պատկերացում կու տայ Պալեաններու անցած ճանապարհի եւ Երուսաղէմի հայկական յախճապակիի աւանդութեան մասին, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ այն ընտանեկան ժառանգութիւնը, որ այսօր հաւատարմօրէն կը պահեն Պալեաններու սերունդները՝ այն հասցնելով մինչեւ Հայաստան:
Ցուցահանդէսի ընթացքին կը ներկայացուի նաեւ Ֆրանսայէն Երուսաղէմ գացած ինքնատիպ նկարչուհի Մարի Պալեանի (մահացած է 2017-ին) գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ Պալեաններու աւանդական գործը գեղագիտական նոր շունչ ստացած է:
…1919 թուականին անգլիացիները Կոմիտաս Վարդապետի ծննդավայր Կուտինայի նշանաւոր յախճախպակիի արուեստին տիրապետող երեք հայ ընտանիքի փոխադրած են Երուսաղէմ՝ իսլամական «Ժայռի գմբեթ» սրբավայրի շրջակայքի սալիկները նորոգելու համար: Անոնց մէջ եղած է նաեւ Նշան Պալեանը, որու ընտանիքի անուան հետ այսօր կը կապուի Սուրբ քաղաքի կապոյտ հմայքի առեղծուածը: