Բերդաքաղաք Շուշին Յանձնուեցաւ

2020-12-30
Image

2020 ի Նոյմ․ 9ին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած համաձայնագրով,  Պատմական Շուշի Բերդաքաղաքը յանձնուեցաւ Ազերի Իշխանութեան։

Ճարտարապետական յուշարձաններով լի այս բարձրադիրք քաղաքը ունի իր յատուկ տեղը Արցախ աշխարհի տարածքէն ներս։ Հոն կը գտնուին շէնքեր ու կառոյցներ, որոնք եղած են մշակութային եւ ճարտարապետական հարստութիւնները մեր ժողովուրդին։ Հոն ծնունդ առած են Լէօ, Մարաջախտ Բաղրամեան, Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանց, Մուրացան, Բ. Աշխարհամարտի հերոս Նելսոն Ստեփանեան, Զօր. Դանիէլ Փիրումեան եւ ուրիշ արժանաւոր հայեր։

Շուշին իր բնական դիրքով ունի ռազմագիտական կարեւոր նշանակութիւն յատկապէս Վարանդա գաւառի հայոց համար, որոնք անցեալին քաղաքը վերածած էին անառիկ ամրոցի՝ պաշտպանուելու բարբարոսներու յարձակումներուն դէմ։        

Շուշիի պատմական յուշարձաններէն կարելի է յիշատակել Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ մայր տաճարը (կառուցուած 1868-1887 տարիներուն), ինչպէս նաեւ երեք Ս. Աստուածածին անունը կրող եկեղեցիներ՝ Կուսանաց (1816), Ագուլեցոց (1822) եւ Մեղրեցոց (1838)։

Շուշին իբրեւ միջին դարու կարեւոր բերդ-ամրոց յիշատակուած է զանազան մատեաններու մէջ՝ իբրեւ Շուշի բերդ կամ Քարագլուխ։

18-րդ դարուն Շուշիի բնակչութիւնը ի վիճակի եղաւ բազմաթիւ անգամներ դիմադրելու Օսմանեան բանակին, շնորհիւ շրջանի մելիքութեան կողմէ 1724-ին կառուցուած բերդապարիսպին։

18-րդ դարու կիսուն Վարանդայի մելիքութիւնը, ներառեալ Շուշին, անարդարօրէն կ՚անցնի Մելիք Շահնազարի ձեռքը։ Այս պարագան զայրոյթ կը պատճառէ Ղարաբաղի միւս չորս մելիքութիւններուն, մանաւանդ որ Շահնազար բարեկամութիւն կը հաստատէ Դաշտային Ղարաբաղ կամ Գանձակի թափառիկ թաթար ցեղախումբերու պետ Փանահ Խանի հետ եւ 1752-ին անոր կը յանձնէ Շուշիի ամրոցը, որ կը դառնայ Փանահի նստատեղին եւ կ՚անուանուի Փանահապատ։ Նոյն այս շրջանին Փանահ բարեկամական յարաբերութիւն կը մշակէ Օսմանեան կայսրութեան հետ, որ կը սկսի Արցախը գրաւելու իր ախորժակը սրել, բայց քանի որ նոյնպիսի ախորժակ ունէին պարսիկները՝ կը կասեցուի Օսմանեան յառաջխաղացքը։

Մասնաւորապէս 1780-1790 տասնամեակին Շուշին կը դառնայ Անդրկովկասի ամենակարեւոր ռազմաքաղաքական կեդրոններէն մէկը, միշտ յաջողապէս դիմադրելով իր վրայ գործուած յարձակումներուն։

Միայն 1795-ին էր որ բերդաքաղաքը անձնատուր պիտի ըլլար նախայարձակի մը՝ պարսիկ Աղա Մեհմէտ Խան Ղաճարի, որ կը ծրագրէր գրաւել ամբողջ Անդրկովկասը եւ ռուսական բանակին յառաջխաղացքը կասեցնելու համար կարիքը կը զգար Շուշին ունենալու իր հակակշիռին տակ։

1805-ին ռուս-պարսկական համաձայնագիրը կը տնօրինէ որ Արցախ դրուի ռուսական հակակշիռի տակ եւ ռուս զինուորական ջոկատներ մուտք կը գործեն Շուշի։

 

Երկու տասնամեակ ետք, 1826-ի ամրան, պարսից զօրքերը վերջին փորձ մը կը կատարեն Ապպաս Միրզայի գլխաւորութեամբ գրաւելու Շուշին, բայց ի զուր։

1828-ին երբ Կովկասը կը դառնայ ռուսական տիրոյթ, արցախահայութիւնն ու Շուշի քաղաքը պատեհութիւնը կը գտնեն լծուելու կրթական եւ մշակութային բեղուն գործունէութեան։ Կը սկսի զարթօնքի շրջան մը։ Կը կառուցուին վարժարաններ, որոնց թիւը դարասկիզբին կը հասնի 20-ի։ Կը հիմնուին տպարաններ ու կը հրատարակուին թերթեր՝ «Հայկական Աշխարհ», «Կռունկ», «Ազգագրական Հանդէս», «Փայլակ», «Ծիածան», «Ղարաբաղի Սուրհանդակ» եւայլն։

Ասոնց կողքին, Շուշին կ՚ունենայ գրադարաններ ու թատերասրահ մը, որուն գործունէութեան կ՚ըսուի թէ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Պռոշեան եւ Վ. Փափազեան։

Շուշի նաեւ կը դառնայ վաճառականական կարեւոր կեդրոն։ Անոր մերձակայքը կը հաստատուին գործարաններ, արհեստանոցներ ու վաճառատուներ։ Հոն արտադրուած կօշիկները կը հասնին մինչեւ Ռուսաստանի հիւսիսային քաղաքները։

Շուշին իր ազգային բեղուն կեանքով եւ հաճելի կլիմայով դարուս սկզբնաւորութեան կովկասահայութեան համար կը դառնայ օդափոխութեան փնտռուած վայր։

Բերդաքաղաքային բնակչութիւնը դարասկիզբէն կը հաշուէր շուրջ 25,000 հայութիւն, բայց Խոսրով պէկ Սուլթանովի նշանակումէն ետք ստեղծուած անապահով կացութիւնը առիթ կը դառնայ որ ազերիներ շուրջ 30,000 հայեր կոտորեն հոն։ Իսկ 1923-ին,Ստալինի տխրահռչակ դաւով Շուշին կը դրուի բոլորովին ազերի տիրապետութեան տակ եւ Խորհրդային իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան քաղաքի հայութեան թիւը կը տարուբերի 2000-2400-ի միջեւ։

 

***

1988-ի Փետրուարի վերջերուն, մինչ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ թափ կ՚առնէր արցախեան պահանջատիրական պայքարը, Շուշիի մէջ ազերիներ տեղահան կ՚ընեն 2000-ի շուրջ հայ բնակչութիւնը եւ բերդաքաղաքը կ՚օգտագործեն 7 մղոն անդին գտնուող Ստեփանակերտը ռմբակոծելու նպատակով։

1990-ի Յունուար 26-ին Խորհրդային իշխանութիւններու որոշումով, Պաքուի ծանօթ ջարդերէն ետք Արցախ կ՚ուղարկուի Զօր. Սաֆոնովը, որ ազերիներու հետ կը հաստատէ սերտ կապեր։ Ազերի օմոնականները անարգել տեղահան կ՚ընեն եւ ամէն տեսակի նեղութեան կը մատնեն Շահումեանի եւ դաշտային Գանձակի հայերը։ Սաֆոնով տակաւին կը կարգադրէ, որ Ստեփանակերտի հաղորդակցական միջոցները անջատուին արտաքին աշխարհի հետ եւ օմոնականները իրենց ռազմագիտական բացառիկ դիրքը օգտագործելով, կը դառնան պատուհասը շրջանի հայութեան։

Կացութիւնը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ 1992-ի սկիզբը։ Այդ տարուան Յունուար 6-ին արցախցիներ կ՚ընտրեն իրենց խորհրդարանը՝ 33-ամեայ Արթուր Մկրտչեանի նախագահութեամբ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը՝ Օլեկ Եսայեանի վարչապետութեամբ։ Իսկ Փետրուարէն Ապրիլ երկարող ժամանակաշրջանին հերոս արցախցիներ կ՚ազատագրեն ազերիներու կողմէ բռնագրաւուած հողատարածքները եւ փախուստի կը մատնեն օմոնականները։ Կը մնայ վերջին պարտականութիւն մը՝ ազատագրումը Շուշիի, որուն բարձունքէն ազերիները կը շարունակէին մահացու հարուածներ հասցնել հայոց։ Արցախցիներու աննկուն համքը կը յաղթահարէ այդ պատնէշն ալ եւ 1992-ի Մայիս 8-ին անակնկալի բերելով թշնամին, Արցախի քաջամարտիկները կ՚ազատագրեն զայն ու Մայիս 10-ին հոնկէ կը հեռացնեն վերջին ազերին՝ Ստեփանակերտի բնակիչները ընդմիշտ փրկելով ազերի ռմբակոծումներէն։

Յաջորդ օրն իսկ Արցախի քաջարի առաջնորդը՝ Պարգեւ Եպս. Մարտիրոսեան, կը պատարագէ Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցիին մէջ եւ տեղահան շուշեցիներ կը սկսին վերադառնալ իրենց բոյները:

Շուշիի ազատագրումէն ետք արցախեան ջոկատները պիտի վնասազերծէին նաեւ Լիսագորի բարձունքները եւ Մայիս 17-ին մաքրագործէին Լաչինի անցքը՝ բանալով Արցախ-Հայաստան միարար ուղին, որ կ՚երկարի Գորիսէն մինչեւ Ստեփանակերտ։

Շուշիի ազատագրումը մեր արդի պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն է, որ հնարաւոր դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական գործակցութեամբ։

 

 

ԳՐԱՒԵԱԼ ՇՈՒՇԻ  ԾՆԱԾ  ՌԱԿ-ի   ԵՐԱԽՏԱՒՈՐԸ

                            ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

                              (Շուշի՛ 1855-  Թիֆլիս՛ 1918)

          Հիմնադիր՛  Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան

5

Առաքելեան ծնած է Շուշի 1855ին, ուր նախնական ուսման համար կը յաճախէ տեղւոյն նախակրթարանը։

Ապա կը տեղափոխուի Թաւրիզ շարունակելու իր ուսումը։

Ուսման ծարաւը զինք կը տեղափոխէ Պաքու, ուր գոյութիւն ունէր հայկական գաղութի մը եռուզերը, հոն բարձրագոյն իր ուսումը պիտի ստանար Համբարձում, ու իր մօտ կը յայտնաբերուին գրելու ձիրգերը երբ միայն 17 տարեկան էր։  

Թիֆլիս հրատարակուող "Մշակ" թերթը, այդօրերուն Պաքու եւ Թաւրիզ կը հասնէր, տեղւոյն  գաղութի հայախօս սերունդին մօտ տածելով հայապահպանման արթնութիւն։  

Թերթի հրատարակիչ Գրիգոր Արծրունին ծանօթ ըլլալով Համբարձումի կարողուէեան եւ գրելու ձիրգին, կը խնդրէ որ թղթակցութիւններով իր բաժինը բերէ կովկասահայ թերթին համար՛ առաւելաբար պարսկահայերու առօրեային հետ առնչուած։

Նոյն շրջանին ան նաեւ կ՛աշխատակցի "Մեղու Հայաստանի" դերդին, աւելի եւս կլանելով իր ժամանակը լրագրական աշխատանքով։ 

Թաւրիզի մէջ ան կը յաջողի ձեռնարկել հիմնադրութիւնը ընթերցասրահի մը, ուր երկրորտական կրթութիւնը աւարտած ուսանողներ պիտի յաճախէին ծանօթանալու հոն հասած թերթերուն ու անոնց միջոցաւ գաղութներէ առնուածտեղեկութեանց ու կենցաղին։

Ուսուցչական ասպարէզը որպէս սկիզբ՛ Առաքելեան աշխատեցաւ նախ Թաւրիզի վարժարաններէն ներս, ու ապա 1881-ին հրաւիրուեցաւ իր ծննդավայրը՛ Ղարաբաղ։

Ղարաբաղի մէջ ան կը դառնայ տեսուչը տեղւոյն երկսեռ վարժարաններուն, պաշտօն մը որ ան ձեռնհասօրէն վարեց յառաջիկայ տասը տարիներուն։ 

Վանի մէջ Մկրտիչ Փորթուգալեանի տարածած գաղափարախօսութիւնը որպէս Հայ զանգուածներու լուսաւորութեան աղբիւր, հիմք պիտի ծառայէր Առաքելեանի համար սկսելու Կովկասի Հայոց բարեսիրական ընկերութիւնը՛ Շուշիի մէջ։

Ընկերութիւնը կարճ ժամանակի մէջ կ՛ունենայ իր ընթերցարանը, Առաքելեան արդէն Թաւրիզ գտնուած շրջանին հիմնած էր տեղւոյն հայկական առաջին ընթերցարանը, ուր "Մշակ" թերթի օրինակները միշտ ալ  տրամադրելի էին, Ռաֆֆիի վէպերու կողքին։ 

Գրիգոր Արծրունիի մահէն ետք, ան կը հրաւիրուի Թիֆլիս խմբագրելու " Մշակ"ը՛ 1892 ին, աջակցելով Ալեքսանդր Գալանդարի, հրատարակութիւն մը, որ Առաքելեանի համար եղած էր իր լրագրութեան ու հասարակական կեանքի նախաքայլը։ 

Բայց իրեն համար խմբագրական պաշտօնը կարծես բաւարար չէր, ու Թիֆլիսի մէջ ան պիտի հիմնէր Հայոց Բարեսիրական Ընկերութեան մասնաճիւղը դառնալով անոր վարիչը։ 

Թիֆլիսի նորաստեղծ մասնաճիւղը հետզհետէ կը դառնայ Կովկասի հայկական գաղութի ամրապնդման փարոսը, ու հասարակական եռուզեռ կը ծաւալէ՛ Առաքելեան հիմնած մատենադարանով, որուն տնօրէնի պաշտօնը պիտի ստանձնէր մինչեւ 1898 թուականը։

Այս շրջանին զինք կը գտնենք ազգային եւ հասարակական Թիֆլիսի առօրեային հետ կլանուած, դառնալով հոգաբարձու տեղւոյն վարժարաններուն, ու ապա նախագահը ազգային հոգաբարձութեան։ 

Բաց աստի ան նաեւ կը ներկայացնէ վիրահայոց թեմը՛ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընտրութեան Էջմիածնի մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի ընտրուէր նախագահը՛ Թիֆլիսի Ժողովրդական Համալսարանի հայկական ճիւղին։ 

Հայկական գաղութի արժանաւոր ներկայացուցիչը դարձած էր Առաքելեան, անվերապահօրէն կը վայելէր ժողովրդականութիւն եւ համակրանք, ու անոր համար ալ  շրջան մը պիտի ընտրուէր Թիֆլիսի քաղաքապետութեան անդամ, աւելի եւս իր ունեցած կապերը սերտացնելով Ռուս եւ Վրացի պաշտօնատար անձնաւորութեանց հետ։  

Մամուլի հետ իր ունեցած առօրեան, եւ օտար լեզուներու տիրապետած առանձնաշնորհումը իրեն համար աշխատակցելու լայն հորիզոններ պիտի բանար տարածելու լուսաւորութեան իր գաղափարախօսութիւնը՛ հայ թէ օտար մամուլի էջերուն մէջ։  "Հանդէս Ամսօրեայ", "Արարատ", "Գործ", "Հայրենիք", "Հայկական Աշխարհ", "Արեւելք" թերթերուն հետ իր աշխատակցութիւնը ան յաճախակի կը պահէր։ 

"Վիլհելմ Ոէլ"ի ոարգմանութիւնը եղաւ ազատատենչ ոգիի սերմանման գործը Առաքելեանի համար, որմէ ետք "Կի Սը Մոփասան"ի եւ "Գլամարիոն"ի թարգմանութիւններն ալ եկան աւելցնելու իր հարուստ աշխատասիրութեանց շարքը։ 

Դարասկիզբին Թիֆլիսի հայկական գաղութին չէին պակսեր մտաւորական գործիչներ, խմբագիրներ, մամուլի աշխատակիցներ ու մանաւանդ կրթական մշակներ, որոնցմէ Առաքելեանի վիճակուած էր "Մշակ"ի միջոցաւ որակաւոր մտաւորականներու հոյլ մը հաւաքել իր շուրջ։ 

Ան կը հաւատար Հայկական հարցը օտարներուն ծանօթացնելու անհրաժեշտութեան, ու այդ նպատակով 1901-ին Կլասքոյի մէջ  (Սկովտիա), ան մասնակից դարձաւ խաղաղութեան համագումարին՛ յաջողցնելով Հայկական Հարցի առարկայացումը։ 

Իսկ տարի մը ետք՛ Փարիզի մէջ, յաջողեցաւ Հայկական Հարցի վերաբերեալ տեղեկագիրներ ներկայացնել Ֆրանսական Գոնկրէսին, որոնց հիման վրայ կարելի եղաւ որոշումներ փոխանցել պատկան պետութեանց։  1904- ին նոյն նպատակով կը մասնակցի Լա Հէյի մէջ գումարուած Գոնկրէսին, որմէ ետք այլեւս պիտի համոզուէր ան որ հայապատկան հողերու ազատագրումը միշտ ալ կախուած պիտի մնայ Ռուսական բանակի հզօրացումէն։ 

Հետզհետէ Առաքելեան փնտռուած բանագնաց մը պիտի ըլլար արեւելահայութեան համար՛ անդամակցելով միջազգային ընկերակցութեանց, որոնցմէ կարելի է թուել Ռուսական Աշխարհագրական Ընկերութիւնը եւ Փարիզի "Սոսիեթէ Ասիաթիք"ը։ 

1910-ին"Մշակ" թերթի կողքին ան կը ձեռնարկէ "Արօր" ամսագրի հրատարակութեան, որ ժամանակի ընթացքին պիտի վայելէր մտաւորական խաւի անվերապահ գնահատանքը։ 

Բայց դժբաղտաբար Առաքելեանի բազմասբաղ վիճակը պատճառ պիտի դառնար որ ամսագիրը դադրէր 1913-ին։ 

Իր բեղուն հասարակական կեանքին առընթեր ան նաեւ պիտի կատարէր գրական փորձեր, Շահրիար ծածկանունով ներկայանալով հանրութեան։ 

1917-ին արդէն Առաքելեան պատրասր էր "Մշակ"ի շուրջ հաւաքուած ազգային դէմքերու հետ միասին հիմնելու Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը, որ պատահականութեան արդիւնք չէր, այլ՛ քարոզած գաղափարախօսութիւնն էր Համբարձում Առաքելեանի, ժողովրդական սկզբունքներ սերմանելով լուսաւորութեան առաջնորդելու հայրենիքէ զուրկ հայութիւնը։ 

Առաքելեանի միացած էին կուսակցութեան առաջնորդներ՛ Սամսոն Յարութիւնեանը եւ Միքայէլ Պապաջանեանը։ 

Կարճ ժամանակի ընթացքին ժողովրդականութիւն պիտի վայելէր նորասդեղծ կուսակցութիւնը Թիֆլիսի մէջ ու երբ նոյն տարուան աշնան ծագեցաւ ռուսական յեղափոխութիւնը ու տաբալեցաւ ցարական իշխանութիւնը, Առաքելեանի համար կը մնար աւելի եւս ամրապնդելու կազմակերպութիւնը։ 

Այս շրջանին անշուշտ Կովկասի ժողովուրդներու մօտ կը տիրէր անորոշութիւն, ու տագնապալի ամիսներ կը դիմաւորէր արեւելահայութիւնը։ 

Ան դարձած էր փնտրուած ատենախօս ու իր ճառերով գիտէր առաջնորդել ժողովուրդը։ 

Բայց ընկերվարական ուժերու ազտեցութիւնը բացայայտ դարձած քր շրջանէն ներս, ու զինք հալածողներու թիւը շատցած էր Սառդարապատի ճակատամարտի նախօրէին։ 

Շատ չանցած, 1918-ի Հուլիսի 6-ին, Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան հռչակումէն շուրջ 40 օրեր ետք, ան զոհ պիտի երթար Տաշնակցականի մը գնդակին, երբ բեմէն կ՛արտասանէր ժողովրդական գաղափարախօսութեան ոգին։ 

Առաքելեանի հիմնած կուսակցական շարժումը շնորհիւ իր գաղափարակիցներուն կանգուն պիտի մնար Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս ու մաս պիտի կազմէր անոր կառավարութեան եւս։ 

Հայաստանի խորհրդայնացումէն 10 ամիսներ ետք, Ժողովրդական Կուսակցութիւնն ալ պիտի դառնար Ռ Ա Կուսակցութիւնը կազմող՛ ժողովրդավարական հոսանքերէն մին" 1921 Հոկտեմբեր  1-ին։ 

Երախտաւոր Համբարձում Առաքելեանի գիտական աշխատասիրութիւններէն մեզի ժառանգ կը մնայ "Հանրամատչելի Մեսրոպեան Գրադարան" շարքով գրքոյկներ, ինչպէս նաեւ համայնագիտարան մը, որուն Բ․ հատորը անտիպ ձեռագիր վիճակի մէջ կը գտնուի Երեւանի Չարենցի անուան արուեստի եւ գրականութեան թանգարանը։