Զգաստ Խորհրդածութիւններ Անկախութեան Չորրորդ Տասնամեակի Սեմին. Ասատուր Տէվլեթեան

2021-09-28
Image

Օրեր առաջ ազգովին նշեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան երեսուներորդ տարեդարձը։ Բոլորս ալ, անտարակոյս, խորապէս պիտի փափաքէինք որ, նորագոյն մեր պատմութեան նշանակալի այս հանգրուանը, դիմաւորէինք աւելի կենսուրախ պայմաններու տակ եւ հետեւապէս նաեւ՝ աւելի բարձր տրամադրութիւններով։   

Որքա՜ն նախընտրելի պիտի ըլլար որ անարգ ոսոխը մեզմէ յափշտակած չըլլար Արցախի Հանրապետութեան նուիրական հողատարածքին կարեւոր մէկ հատուածը։ Որքա՜ն բաղձալի պիտի ըլլար որ բազամթիւ թանկագին, հերոս, այլ անմեղ մեր տղաքը նահատակուած կամ գերեվարուած չըլլային դաժանագոյն մարտերու ընթացքին։ Երանի՜ թէ երբեք չպատահէր անիծեալ պատերազմը եւ մենք ստիպուած չըլլայինք տառապելու պարտուողի ծանրօրէն ընկճող հոգեվիճակով։  Դժբախտաբար, սակայն, այս բոլորը զլացուեցան մեզի եւ մենք, ամէնքս, պարտաւոր ենք դժկամօրէն ըմպել անողորմ այս ճակատագիրին ամբողջական դառնութիւնը։

Սգաւոր ենք եւ ծանրօրէն վհատած. բայց քաջարի մեր ժողովուրդը, բազմադարեան իր պատմութեան ընթացքին, գերմարդկային ճիգերով, դիմագրաւած եւ յաղթահարած է շատ աւելի աղիտալի եւ  վճռորոշ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ։ Այժմ եւս, պէտք է աներեր կանգուն մնայ եւ վերապրի հայ ժողովուրդը որպէսզի, կուրծք տալով բազմաբնոյթ բոլոր դժուարութիւններուն, պահէ եւ ամրացնէ մեր երկիրն ու պետականութիւնը։ Ա՛յս է այսօրուան միակ հրամայականը։

Հետեւաբար, անհրաժեշտ է լարել հաւաքական մեր ամբողջ ներոյժը եւ, աւելի քան երբեւէ, բոլորանուէր եւ ներգործօն կերպով ցուցաբերել իսկական մեր հայրենասիրութիւնը, որպէսզի կարենանք յաղթահարել մեր ժողովուրդին վիճակուած այժմու աղաղակող այս ճգնաժամը։

Այնքա՜ն օրհասական է պահը, որ մեր երկրին, մինչեւ իսկ՝ մեր ժողովուրդին լինելութիւնը կրնան վտանգուած ըլլալ։

Գրեթէ նոյնքան սարսափելի է, սակայն, ցնցող այն երեւոյթը, որ հոծ թիւով հայեր չեն ըմբռնած կամ կը մերժեն ըմբռնել իրավիճակին սրութիւնը։

Ամէն կասկածէ վեր է որ Հայաստանի վարչական տնօրինման հետ առնչուող բազմաթիւ երեսներ կը կարօտին լուրջ բարեփոխումի։ Ցաւալի է որ հոծ թիւով բարձրաստիճան անձերու պաշտօնակատարման թէ՛ մակարդակը թէ ալ եղանակը հեռու են գոհացուցիչ ըլլալէ։ Ակնյայտ է, որ թոյլ տրուած են սխալներ, նոյնիսկ ծանրակշիռ, եւ, դժբախտաբար, անհաւանական չէ որ ի յայտ գան նոր բացթողումներ եւս։

Տարակոյս չկայ որ աւելի քան վաւերական պատճառներ կան մտահոգուած ըլլալու։

Ուրեմն, աներկբայօրէն անհրաժեշտ է որ ո՛չ մէկ ճիգ խնայուի ապահովելու համար այս բոլորին արմատական ուղղումը։

Նպատակակէտը, սակայն, «յօնք շտկել»ն է։ Հարկաւոր է չափազանց զգոյշ ըլլալ խուսափելու համար «աչք հանել»ու վտանգէն։

Յստակ է որ կործանարար ազդեցութիւն կը գործէ անստոյգ, չափազանցուած, յերիւրածոյ եւ մինչեւ իսկ սխալ տարաձայնութիւններու յորձանուտը, որ ո՛չ միայն կը գոյացնէ ծանրօրէն անհաճոյ մթնոլորտ մը այլ կը պատճառէ նաեւ համատարած հիասթափութիւն։

Քանդիչ գործօն է, նաեւ, թափը աժանագին քարոզարշաւներու, որոնք քիչ անգամ կը յաջողին թաքցնել իրենց յաճախ հետապնդած շիլ եւ արկածախնդրական նպատակները։

Բացասական այս բոլոր երեւոյթները, խորքին մէջ, միայն կը ծառայեն սփռելու անտեղի եւ անհարկի խուճապ  ու ծայրայեղ յուսահատութիւն եւ, իբրեւ անմիջական հետեւանք, կը տառապի մեր ժողովուրդը  եւ անխուսափելիօրէն`ահաւոր կերպով կը տուժէ մեր երկիրը։

Արդեօք դրական ի՞նչ արդիւնքներու կրնայ յանգեցնել մեր առօրեաները այսքա՜ն անարգանքով, այսքա՜ն լուտանքով եւ այսքա՜ն հայհոյալից, թշնամական արտայայտութիւններով ողողելը։  

Միթէ դժուա՞ր է գիտակցիլը թէ միտքերու տեւական պղտորումը եւ հոգեվիճակներու յաճախակի խռովքը վտանգաւոր անկայունութիւն եւ ծանր տագնապ կը յառաջացնեն երկրէն ներս։ 

Զուգահեռաբար, եղելութիւններու անոպայ այս ընթացքը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի յուսալքէ, խրտչեցնելով վանէ եւ ի սպառ օտարէ մեր նոր սերունդը, հայրենիքի, բայց մասնաւորաբար՝ արտերկրի մէջ, որ, ինքնին, սահմռկեցուցիչ եւ սարսափելի հեռանակար է։   

Անհրաժեշտ է սթափիլ եւ անդրադառնալ որ այսօրինակ անփոյթ, մոլեգնած եւ անպատասխանատու դրսեւորումներ, կրնան վտանգել երկրին գոյութիւնն անգամ։  

Իսկ այդ երկիրը, մեր հարազատ հայրենիքն է, մեր բնօրրանը, ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ։

Հայրենասիրութիւնը վերարկու կամ թիկնոց չէ, զոր կը կրենք պարագայականօրէն, որոշ պայմաններու բերումով։ Հայրենասիրութիւնը կ'ենթադրէ համակ, անսակարկ եւ անսպառ նուիրում, առանց նուազագոյն իսկ խարխափման կամ տատամսումին։

Անձի մը սէրը իր մօր հանդէպ երբեք պայմանաւորուած չի՛ կրնար ըլլալ մօր դէմքին տեսքով, հասակին բարձրութեամբ, կշիռքով, տարիքով, բնաւորութեամբ, ուսման մակարդակով կամ որեւէ այլ մանրամասնութեամբ։ Մօր հանդէպ սէրը բնածին, լիակատար, անընկճելի զգացում մըն է, որ երբեք չի նուազիր եւ որեւէ պարագայի տակ չի սակարկուիր։ 

Իսկ հայրենասիրութիւնը, որ կ’ենթադրէ զոհողութիւն, զրկանք եւ գիտակցուած հանդուրժողականութիւն, անպայմանօրէն, գերազանցապէս աւելի պարտաւորեցնող է, եւ ան կը ստանայ շունչ ու մարմին, մասնաւորաբար, արտակարգ իրավիճակներու ընթացքին։

Հայրենասիրութեան սահմանումի որեւէ այլ տարազում լոկ ինքնախաբէութիւն կ’ըլլայ, պատրուակումի մտացածին, վիժած կամ բոլորովին ձախորդ փորձ։

Կայ նաեւ ծայր աստիճան այլանդակ այլ պարագայ մը, որ խորապէս կ’անհանգստացնէ զիս։

Միաժամանակ թէ՛ ազգային արժանապատուութիւն թէ ալ իմացականութիւն կը վիրաւորէ հայերէն լեզուի, ներկայ, աւելի քան խղճալիօրէն տկար մակարդակը, որ համատարած կերպով առկայ է, գրեթէ ամէնուր, Հայաստանի մէջ։

Վխտացող, ականջ ծակող եւ անհանդուրժելի լեզուական սխալներէն, աղճատումներէն ու աղաւաղումներէն բացի, դժբախտաբար, յաճախադէպ դարձած են գռեհկաբանութիւններն եւ արտառոցութիւնները, որոնք անխնայ կերպով կ’արտաբերուին բազմահամար անձերու կողմէ, ներառեալ տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան եւ հանգամանաւոր պաշտօնակալներ։  

Մեր լեզուն ոգեղէն մեր հայրենիքն է եւ զայն պղծելն ու արատաւորելը,  անպայմանօրէն, թշնամական արարքներ են, որոնք համզօր են մեր երկիրն ու ժողովուրդը վարկաբեկելու, անպատուելու եւ խարդաւանելու։

Ամօթալի է, անկասկած, որ աշխարհի մէջ չկայ որեւէ այլ երկիր, որուն ազգաբնակչութիւնը, ոճրագործ անխղճութեամբ, այսքան քամահրանք կը ցուցաբերէ սեփական իր մայրենիին նկատմամբ։

Կտրականապէս անհրաժեշտ է որ, ընդմիշտ, արմատախիլ ըլլայ զազրելի այս  կացութիւնը։ Իսկ պետական այրերու ազգասիրութեան ստուգատեսը, անպայմանօրէն, պարտի ըլլալ հայերէն լեզուի բարձրորակ իմացութիւնը։  

Կը յամառիմ խորհիլ թէ մեր ազգը, արիաբար, ի վիճակի է փարատելու այս մտատանջութիւններուն գէթ կարեւոր մէկ մասը եւ թէ, բոլորս, աւելի եռանդուն կերպով պիտի կարենանք դիմաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան յաջորդող տարեդարձները։

 

Ասատուր Տէվլեթեան

 Նիկոսիա, Կիպրոս