Մտորումներ 2020 տարուան սեմին. Արա Ահարոնեան
Անտարակոյս կը գտնուինք հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան հանգրուանի մը առջեւ, արժեւորելու մեր ժողովուրդի միասնական պահանջատիրական պայքարը։
Այլընտրանք չկայ այլեւս, հայութիւնը իր գոյամարտը միացեալ ուժերով պիտի յառաջ տանի ու պահանջէ իր ամբողջական յաղթանակը եւ կամ՝ պիտի հրաժարի իբր ինքնուրոյն ազգ արեւին տակ գոյութիւն ունենալէ։
Այսօր, վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ միշտ պէտք է մնայ իրաւատէրը Հայ Դատին, ժամանակն է, որ ձգտի ու գործակցի, միասնաբար աշխատելու հայութեան «Մեծ երազի» ճամբուն վրայ իրանանացնելու Հայ Դատի հետապնդման ու ռազմավարական նոր մտածելակերպը ու գործելակերպը հեռանկարային պատրաստութեամբ։
Հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի տարածքէն դուրս կ՚ապրի. ան կը ներկայացնէ մեծ ներուժ ո՛չ միայն տնտեսական առումով, այլ՝ բարոյական քան նիւթական առումով։
Հայ ժողովուրդը իր հաւաքական ու մանաւանդ հայրենի պետական ընդվզումն ու կամքը արտայայտեց Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձին, որոնք կրցան միջազգային համայնքի ուշադրութիւնը գրաւել ու հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատին նկատմամբ համակրանք ստեղծել։
Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձի կիզակէտը դարձաւ Հայ Դատի արդար պահանջատիրութիւնը։ Բնականաբար Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է շարունակուի վերանորոգ վճռակամութեամբ, ու ժամանակն է որ մեր ազգային դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ դրուի շեշտը՝ Ցեղասպանութեան հատուցման վրայ անտարակոյս, որուն հասցէն ու թիրախը պէտք է դառնայ ցեղասպանը ու այդ շրջագիծէն ներս մասնակից դարձնելով միջազգային համայնքը։
Միացեալ Նահանգներու տարածքին Հայոց Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցէն ետք թափուած աշխատանքները նահանգային մակարդակով ու մանաւանդ Ցեղասպանութեան դարադարձէն ետք, պաշտօնական նահանգային որոշումով 49 նահանգներ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ճանչցան որպէս ոճիր մարդկութեան դէմ, միանալով ՄԱԿ-ի անդամ 31 երկիրներուն, որոնց առաջինը դարձաւ Ուրուկուէյը 1965-ին։
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան օրակարգի վրայ դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը, բազմիցս անգամ կարելի չեղաւ վաւերացման արժանացնել, բայց մնայուն ու ամբողջական յաջողութեամբ պատմական յաղթանակ արձանագրեց 2019 Հոկտեմբերին, երբ Ներկայացուցիչներու տան 296-րդ բանաձեւը վաւերացուեցաւ ստանալով 405 քուէ, որպէս ջախջախիչ մեծամասնութիւն։ Իսկ 2019 Դեկտեմբեր 12-ը պէտք է նկատել 21-րդ դարու հայ ժողովուրդի արդար դատի պահանջատիրութեան համար կարեւոր թուական մը, Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը ամբողջութեամբ իր 100 անդամներով վաւերացուց 150-րդ բանաձեւը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, ճանչցնելով եղածը որպէս ոճիր մարդկութեան դէմ, միանալով 1916-ի նոյն կառոյցի առած որոշման Օսմանեան կայսրութեան դէմ, Միացեալ Նահանգներու 28-րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի օրերուն։
2020 թուականը հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ սովորական թուական մը պէտք չէ դառնայ։ Այդ թուականը պէտք է արժեւորուի այնպիսի նախաձեռնութիւններով ու մանաւանդ իրագործումներով, որոնք ո՛չ միայն մնայուն հետք կը ձգեն մեր հաւաքական կեանքէն ներս, այլ նաեւ նոր մղում կու տան մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։
Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը հանգրուանային եւ ուսումնասիրուած կերպով պէտք է փոխադրուի նաեւ Թուրքիա։
Ցեղասպանութեան հետեւանքով ազգապատկան եւ եկեղեցապատկան կալուածները, ինչպէս նաեւ անհատական կալուածներու եւ ինչքերու ցանկագրումը պէտք է կատարուի համահայկական չափանիշով ու մասնագիտական մօտեցումով։
2020 թուականը դարադարձը կը հանդիսանայ պահանջատիրական պայքարի։
20-րդ դարու հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ամենափայլուն էջերէն մէկը կը հանդիսանայ Չորք Մարզպանի երրորդ ապստամբութիւնը՝ Յուլիս 22-23 օրերուն (1920), որուն յաջորդեց Կիլիկիոյ միօրեայ անկախութիւնը Օգոստոս 4-5 (1920), գլխաւորութեամբ հայ ժողովուրդի անզուգական հերոս՝ Միհրան Տամատեանի։ Աւելին, նոյն տարուայ Օգոստոս 10-ին Սեւրի մէջ ստորագրուեցաւ պատմական դաշնագիր մը, որուն հիման վրայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընը առաջադրեց որպէս իրաւարար վճիռ Հայաստանի Հանրապետութեան կցուելիք Արեւմտահայաստանի 4 նահանգները։
Այսօր, 100 տարի ետք, վերապրող ու պահանջատէր սերունդին պարտքն է ու պարտականութիւնը անմիջապէս ձեռնարկել մօտիկ անցեալին մաս կազմող մեզի վիճակուած պապենական հողին վերադարձը իր իրաւատիրոջ։ 21-րդ դարու այս կարեւոր հանգրուանին հայ ժողովուրդը պէտք է ներկայանայ միաձայն, մէկ կեցուածքով ու մէկ պահանջատիրութեամբ, հանդիսանալով մեր հզօրութեան աղբիւրը որպէս տեսլական ու յանձնառութիւն մեր պահանջատիրութեան։ Կարեւոր պէտք է դարձնել համահայկական նկարագիրն ու տարողութիւնը, լուսարձակի տակ բերելով Հայաստանի եւ սփիւռքի ընդհանրական երեւոյթները շեշտելով, ինչպէս նաեւ ներդաշնակելով ու համադրելով՝ հզօրացնելու համար որպէս մէկ ամբողջական համակարգ։
Այլ խօսքով, որպէս իրաւատէրը ու պահանջատէրը մեր արդար դատին, մեր պահանջքը պէտք է միասնաբար լսելի դարձնենք միջազգային համայնքին, որուն համար անհրաժեշտ են շիտակ ու անաղմուկ օգտագործել արդիական տեղեկատուական ու հաղորդակցական բոլոր ազդու միջոցները։
Ժամանակն է գիտակցելու մեր հաւաքական պարտաւորութեանց։
Ստեղծագործ ժողովուրդի մը արդար դատին ու հատուցման պահանջատիրութիւնը, պէտք է գիտնանք վառ պահել դարադարձային այս կարեւոր հանգրուանին, քանի այդ ժողովուրդը գիտցաւ գոյատեւել, ունենալ անկախ պետականութիւն, ու հիմա ալ պիտի շարունակէ մնալ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԸ իրեն վիճակուած իրաւունքներուն, մինչեւ իրականացումը հայ ժողովուրդի «Մեծ երազին»։
Արա Ահարոնեան