ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն. Յովհաննէս Թապագեան

2019-12-05
Image

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԱՊԱԳԵԱՆ

1923, Պէյրութ – 2004, Լոս Անճելըս

 

Մանկավարժ ու մտաւորական Յովհաննէս Թապագեան ծնած է Պէյրութ, 28 Հոկտեմբեր 1923-ին։

Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով Մարաշէն գաղթած ծնողքը կու գայ հաստատուելու Պէյրութի արուարձան՝ Նոր Մարաշի շրջանը։

Ընտանիքի  որպէս երէց մանչ զաւակը իրեն կը վիճակուի նախ յաճախել Նոր Մարաշի նախակրթարանը, ապա հասակակից պատանիներու հետ կ՚ընդունուի Անթիլիասի Դպրեվանքը, երջանկայիշատակ Սահակ Կաթողիկոսի օրերուն։ Դպրեվանքէն ներս ան յատուկ սէր կը ցուցաբերէ հայոց պատմութեան ու գրականութեան հանդէպ։

1939-ին տակաւին ուսանող ան մաս կը կազմէ Պէյրութի մէջ խմորուող մշակութային եռուզեռին, ու անդամ կը դառնայ Բարեգործականի Նոր Մարաշի մասնաճիւղին։

Դպրեվանքը աւարտելէ ետք որպէս ուսուցիչ կ՚ընդունուի հայերէն լեզու դասաւանդելու իր յաճախած Նոր Մարաշի Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ վարժարանէն ներս։ Իսկ աւելի ուշ կը հրաւիրուի Պէյրութի Նոր Ատանա շրջանի Աբգարեան նախակրթարանէն  ներս դասաւանդելու։

Յովհաննէս Թապագեան արդէն այս շրջանին խանդավառութեամբ մաս կը կազմէր երիտասարդ մտաւորականներու խումբի մը, որոնք կ՚որոշեն Պէյրութի մէջ 1946-ին նշել տարելիցը .«Բանաստեղծներու իշխան» Վահան Թէքէեանի, որ յաջողութեամբ պիտի պսակուէր։

Թապագեան կը հրաւիրուի «Զարթօնք»ի խմբագրատուն, հանդիպելու ատենոյ ՌԱԿ-ի ղեկավարութեան հետ. Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեան, Գերսամ Ահարոնեան, Յակոբ Դաւիթեան, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեան, Հայկաշէն Ուզունեան եւ Միհրան Տէր Ստեփանեան, որոնք կ՚որոշեն հիմնել Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը Պէյրութի մէջ։

Կազմակերպչական որոշ պաշտօններ կը վստահուի Թապագեանի, մինչ Մեթր Սեդրակեան կը պատրաստէ պետութեան մօտ արձանագրելու Միութեան ծրագիր-կանոնագիրը, որուն վաւերացումը կը տրուի 1947-ին։

Այս շրջանին Թապագեանին վստահուած էր նաեւ ազգահաւաքի Լիբանանի ծրագրին Պէյրութի արուարձան Անդրնահարի պատասխանատուութիւնը, որ ան հեռատեսութեամբ ու բծախնդրութեամբ կը կատարէ։

ԹՄՄ-ի կազմութենէն ետք, Թապագեան կ՚անդամագրուի նորակազմ Միութեան Պէյրութի մասնաճիւղին։ 1951-ին կը միանայ տեղական վարչութեան ու յաջորդ տարին կը դառնայ ատենադպիրը Պէյրութի մասնաճիւղին։

Պէտք է ըսել, որ Թապագեանի ներդրումը պիտի սատարէր մասնաճիւղի աշխուժացման, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ 20 տարի (1951-1971)։

1952-ին կը միանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն, կնքահայրութեամբ Ալեքսանդր Սարուխանի, ու առաջին օրէն իսկ իր խանդավառ մասնակցութիւնը կը բերէ տեղական ակումբներէն ներս։

Կրթական իր ասպարէզը Թապագեան կը շարունակէ շրջան մը դասաւանդելով հայոց պատմութիւն ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանէն ներս։ Համալսարանական ուսման համար ան կը յաճախէ Պէյրութի Ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ համալսարանը ու ապա յատուկ կրթաթոշակ ստանալով կը մեկնի Սեւր (Ֆրանսա) մանկավարժութեան յատուկ դասընթացքներու հետեւելու։

Վերադառնալէ երք Լիբանան, կը միանայ ՀԲԸ Միութեան նորաբաց Երուանդ Տեմիրճեան նախակրթարանի ուսուցչական կազմին, ու կը դառնայ վարժարանին փոխ տնօրէնը, պաշտօն մը որ ան պիտի վարէր մինչեւ 1974 թուականը։

1962-ին Թապագեան կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ կրթական ասպարէզ մտած նուիրեալ հայուհի մը՝ Սոնա Պալըքճեանը, որ ֆրանսերէն լեզուի դասատու էր ՀԲԸ Միութեան Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանէն ներս։ Թապագեանները կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը, անուանելով զայն Վարանդ։

Կրթական ասպարէզի մէջ իրենց նուիրեալ ծառայութեան կողքին, Թապագեան ամոլը միութենական իրենց մասնակցութեամբ անվերապահօրէն կը սատարէին Պէյրութի մէջ ծաւալող Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխոյժ գործունէութեան։

Երախտաւոր Թապագեան, հասարակական կեանքի փորձառութեամբ այս շրջանին Պէյրութի մէջ իր գործուն մասնակցութիւնը կը բերէ ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբի վարչութեան կազմէն ներս, հետագային դառնալով նաեւ ակումբին ատենապետը։ Պէտք է ըսել, որ ՌԱԿ «Զարթօնք» ակումբը իր կազմութեան առաջին օրէն իսկ, արեւմտեան Պէյրութի մէջ կարեւոր դեր ունեցած է ազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ։

Յովհաննէս Թապագեան որպէս փնտռուած դաստիարակ լիբանանահայ կրթական կեանքէն ներս, յաճախակի դարձուցած էր մանկավարժական դասընթացքներու հետեւիլ, ծանօթանալով օտար երկիրներու կրթական համակարգին։

1974-ին Լիբանանի Բարեգործականի ծանօթ Կարմիրեան ընտանիքին բարերարութեամբ, Անթիլիասի մէջ կը կառուցուի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը, նորագոյնը հանդիսանալով Բարեգործականի Լիբանանի կրթական օճախներուն։

Բարերար ընտանիքի, ինչպէս նաեւ Բարեգործականի Լիբանանի Կրթական յանձնախումբի վստահութեան արժանացած երախտաւորը կը դառնայ Կարմիրեան վարժարանի անդրանիկ տնօրէնը։ Նորաբաց կրթական օճախը կարճ ժամանակի մէջ կը դառնայ յաջող հաստատութիւն մը Անթիլիասի շրջանէն ներս։

Նոյն տարին (1974) Պէյրութի Թէքէեան Մշակութային Միութեան տեղական մասնաճիւղի ատենապետի պաշտօնը կը ստանձնէ Թապագեան։ 1971-ին Թէքէեանի նորակերտ կեդրոնէն ներս իր գլխաւորութեամբ մասնաճիւղը կը ծաւալէ մշակութային աշխոյժ եռուզեռ մը։

1975-ի գարնան Լիբանանի քաղաքացիական բախումները երբեք չեն յուսահատեցներ Թապագեանը, ան կը լծուի ամբողջական նուիրումով համայնքային ծառայութեան։ Նոյն տարուան Յուլիսին ՌԱԿ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը զինք անդամ կ՚ընտրէ Շրջանային վարչութեան, որուն կ՚ատենապետէր իր երբեմնի գործընկերը՝ Վարուժան Խաչատուրեանը։ Թապագեան պաշտօն կը ստանձնէ Պէյրութի համայնքային ու միջ-կուսակցական մարմիններէ ներս մասնակցելով երկխօսութեան, յարաբերական անդորրութիւն հաստատելու հայկական թաղամասերէ ներս։ Նոյնիսկ 70-ական թուականներու լիբանանեան քաղաքացիական ամենաթէժ  օրերուն, ան մնաց պատնէշի վրայ առանց ընկրկելու,  շարունակելով նորաբաց վարժարանի կրթական պատասխանատուութիւնը դիմակալելու ամէն դժուարութիւն։

Թապագեանի ազգային-հասարակական գործունէութիւնը իր յատկանշական կարեւորութիւնը ստացաւ, երբ ԹՄՄ-ի Հիմնադիր մարմնի կազմը կորսնցուց իր անդամներէն երեքը ու 1985-ին ան միացաւ Հիմնադիրներու մարմնի կազմին։

Յովհաննէս Թապագեան, Վարուժան Խաչատուրեան, Կարօ Պապահքկեան եւ Կարօ Յարութիւնեան որպէս Հիմնադիրներու մարմնի նոր անդամներ կը ստանձնեն միութեան հիմնադրամի հանգանակութեան ծրագրի իրականացումը։ Երախտաւոր Թապագեանի կը վստահուի շրջիլ Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, ուր գոյութիւն ունեցող ԹՄՄ-ի մասնաճիւղերը կը ծաւալէին աշխոյժ գործունէութիւն, մանաւանդ Մոնթրէալի եւ Ալթատինայի նորակառոյց կեդրոններէն ներս։

Երախտաւորը իր պարտականութեանց գիտակից նուիրեալ միութենական, առաջնորդ ու հաւատաւոր գործիչ, միշտ գիտակից էր իրեն վստահուած պաշտօնին։

Լիբանանի նօսրացող գաղութէն ներս, Թապագեան ՀԲԸ Միութեան Լիբանանի միւս վարժարաններուն տնօրէններուն հետ միասին Բարեգործականի վարժարաններու անխափան երթը ապահովող կրթական պատասխանատուն եղաւ։ Իսկ որպէս ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակի ղեկավար, շրջանակը ներկայացուց ՌԱԿ-ի ԺԷ. Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին, որ գումարուեցաւ Մոնթրէալի մէջ- 1988 Յունիսին։ Ան իր փորձառութեամբ մեծ դեր ունեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմութեան մէջ, երիտասարդ առաջնորդներ ներառելով ՌԱԿ-ի բարձրագոյն գործադիր կազմէն ներս։

1992-ին ազգային-հասարակական 40-ամեայ գործունէութեան համար, սարքուած յատուկ միջոցառման ընթացքին ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ան ստացաւ «Վաստակաւորի վկայականը», ինչպէս նաեւ ոսկի մատանի՝ վրան փորագրուած ՌԱԿ-ի զինանշանը։

Նոյն տարին ան հրատարակեց իր միակ աշխատասիրութիւնը, ուր ներառուած էր իր կրթական ու հասարակական տասնամեակներու յուշերը։ Հայրենիքի մէջ ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի, ստացաւ «Ս. Սահակ - Ս. Մեսրոպ» շքանշանը ու փառաւոր կոնդակը։

1992-ի աւարտէն առաջ երբ Թապագեան եկած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր իր որդին Վարանդը հաստատուած էր, առողջական պատճառներով չկարողացաւ վերադառնալ Լիբանան՝ շարունակելու կրթական նուիրեալ ասպարէզը։

Ան Քալիֆորնիոյ մէջ  շրջապատուած էր միութենական ու գաղափարի հարազատներով։ Թապագեան հեռու չմնաց ազգային կեանքէն ու միշտ սատարեց տարիներու իր պատկանած Մարաշի Հայրենակցական Միութեան ծրագիրներուն։

Հայաստանի կրթական եւ մշակութային նախարարութեան կողմէ պատուոյ շքանշանի արժանացաւ ան, իսկ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս, Քալիֆորնիա այցելութեան ընթացքին երախտաւորին շնորհեց մշակութային շքանշան։

Թապագեան զինք ճանչցողներուն, կրթական թէ հասարակական ասպարէզի գործակիցներուն համար եղաւ ակնածանք պարտադրող նուիրեալ մը, որ 81 տարեկանին Փասատինայի մէջ իր աչքերը յաւիտեան փակեց 18 Դեկտեմբեր 2004-ին։

 

Արա Ահարոնեան