ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Տիգրան Յ․ Պօյաճեան

2021-04-27
Image

Տիգրան Յ․ Պօյաճեան

( 1895`Արմտան- 1975`Պոսթոն )

   Էրզրում նահանգի Երզնկայի շրջանը կը գտնուի Արմտան փոքր գիւղը, ուր գիւղացիներուն ապրուստը կ՝ապահովուէր միայն անասնաբուծութեամբ։  

   Արեւմտահայ ծանօթ գրող Յակոբ Մնձունին (Տեմիրճեան) ալ ծնած է Արմտան ու ապա տեղափոխուած Պոլիս։  

   Երախտաւոր Պօյաճեանը ծնած է 1895 Յունիսին, ծնողաց գեղջկական միջավայրին մէջ՝ Համիտեան ջարդերէն հեռու մնալով։ 

    Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի գիւղական դպրոցէն ներս, ապա ծնողքը կ՝ուղաւկէ զինք Տիարպեքիրի Հայ կաթողիկէ վարժարանը ուսումը շարունակելու։  

   Պատանի Տիգրանը 14 տարեկանին երբ կ՝իմանայ 1909-ի Ատանայի կոտորածին մասին, իր մէջ կը խմորուի ազգային Յեղափոխական ոգին։  

   Երկրորդական ուսման հնարաւորութիւնը կը բացակայէր Արմտանի գիւղական շրջապատէն ներս, բայց հօրական հարազատ մը կանուխէն գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ, ու կը փափաքի Տիգրանը իր մօտ հրաւիրել, ուսումը շարունակելու համար։  

   1910-ին Տիգրան Պօյաճեան կուգայ Փրաւիտենս՝ Հօր հարազատին մօտ, երկրորդական վարժարան յաճախելու ու ծանօթանալու անգլերէն լեզուին։  

   Տարի մը ետք իրեն հոգացող հարազատը կը մահանայ, պատանի Տիգրանը առանձին մնացած  կ՝ապաւինի ատենոյ Փրաւիտենսի Հայկական համայնքի առաջնորդ՝ Տոքթ․ Արշակ Տէր Մարկոսեանի հոգատարութեան։  

   Վերակազմեալներու «Ազգ» պաշտօնաթերթի խմբագիր՝ Սուրէն Պարթեւեանը կը հրաւիրէ Տիգրանը իր մօտ, աշխատելու որպէս գրաշար պաշտօնաթերթին համար, նոյն ատեն շարունակելով իր ուսումը Փրաւիտենսի երկրորդական վարժարանէն ներս։  

   Գաղափարական իր համոզումով ան կը միանայ Վերակազմեալներու շարքերը։ 

   1916-ին աւարտելէ ետք իր երկրորդական ուսումը փայլուն յաջողութեամբ, կ՝ընդունուի  «BROWN՛ հանրայայտ համալսարանը ստանալու համար իր պսակաւոր արուեստից վկայականը։  

   Պօյաճեան այս շրջանին ինքնաշխատութեամբ կը ծանօթանայ Ֆրանսերէն լեզուին, ու 1917-ին Պոսթոն տեղափոխուելէ ետք, գաղափարական յակումով մաս կը կազմէ Արեւելեան Լեգէոնին, երբ կ՝իմանայ որ իր ընտանիքի անդամները Ցեղասպանութեան զոհը դարձած են։  

   Լեգէոնական որպէս ան մաս կը կազմէ Ֆրանսական բանակին, ու Պաղեստինի մէջ կը մասնակցի ԱՐԱՐԱ-ի ճակատամարտին։ 

    Պատերազմէն ետք Հայ Լեգէոնականներու հետ՝ գլխաւորութեամբ Ճիմ Չանգալեանի կ՝անցնի Կիլիկիա։ 

   Կիլիկիոյ մէջ իրեն կը վստահուի Հայ գաղթականներու օգնութեան կազմակերպչական հարցերը՝ առաւելաբար իր օտար լեզուներ իմանալու յատկութեան։  

   1919-ի Հոկտեմբերին կը վերատառնայ Պոսթոն, ու իրեն կը վստահուի կազմակերպել նուիրահաւաք Կիլիկիոյ Հայութեան համար։ 

   Բայց դժբախտաբար այդ խանդավառութիւնը շատ երկար պիտի չի տեւեր Ֆրանսացիներու՝ Քեմալական Թուրքիոյ հետ սերտ գործակցութեան պատճառաւ։ 

   1920-ին Պօյաճեան մուտք կը գործէ Պոսթոնի ծանօթ Northeastern Համալսարամի իրաւաբանական բաժինը, ու շրջանաւարտ կ՝ըլլայ 1924 թուականին, որպէս փաստաբան, ու յաջորդ տարին նոյն համալսարանէն կ՝ստանայ իր Մագիստրոս տիտղոսը։

    Իրաւաբանական իր երկար տարիներու յաջող ասպարէզին սկիզբը կը դրուէր Պոսթոնի մէջ։ 

    ՌԱԿ-ի նորակազմ Ամերիկայի շրջանակի կազմութենէն ետք, ան մաս կը կազմէ շրջանի ղեկավարութեան, սատարելով  «ՊԱՅՔԱՐ» օրաթերթի հրատարակութեան։  

    Պօյաճեանի հասարակական կեանքի մասնակցութիւնը յատկանշական դարձաւ Մեծն Պոստոնի շրջանի նորակազմ հայկական գաղութէն ներս Բարեգործականի մասնաճիւղի ծրագիրներուն սատարելով։ 

   Միացեալ Նահանգներու Եկեղեցական կառոյցներու կողքին, Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան մասնաճիւղերը աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալէին, ու Պօյաճեանն ալ խանդավառ մասնակցութիւն կը բերէ Եղբայրակցութեան համար։  

   1935-36 թուականներուն կը դառնայ Եղբայրակցութեան Աւագ Սպարապետը, որ Ամերիկահայութեան մօտ միշտ ալ եղած է յարգուած համայնքային պաշտօն մը։ 

   1932-ին Պոսթոնի մէջ կեանքի կոչուած անգլիատառ Ռամկավար Ազատական՝ պաշտօնատար «The Armenian Mirror Spectator»ին համար Պօյաճեան կը դառնայ մնայուն աշխատակից։ 

   Իսկ իր պատմական յօդուածները յաճախ կարեւորութամբ կը գնահատուէին «ՊԱՅՔԱՐ» օրաթերթի ընթերցողներուն կողմէ։ 

    Երախտաւորը 1945-ին, Հարիւրապետ Ճիմ Չանգալեանի հետ կարեւոր դեր կը վերցնէ Հ․Բ․Ը․Միութեան Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան կազմաւորման մէջ, դառնալով կեդրոնական վարչութեան անդամ, որուն կեդրոնատեղին հաստուած էր Նիւ Եորք։ 

    Արեւելեան Ամերիկայի Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ Թեմական Խորհուրդի կազմէն ներս Պօյաճեան տարբեր տարեշրջաններու ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ, եւ ընտրուած թեմական պատգամաւոր ներկայացնելու Ամերիկայի Արեւելեան թեմը՝ Էջմիածին գումարուած Ազգային ծողովին, Վազգէն Ա․ Ամենայն Հայոց Հայրապետի ընտրութեան՝ 1955-ին։ 

    Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան Աւագ Սպարապետի պաշտօնը դարձեալ կ՝ստանձնէ 1961-ին։

    1965-ին Պօյաճեանի կը վստահուի Ամերիկահայ Ազգային Խորհուրդին կողմէ, ներկայանալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարութեան Հայկական Ցեղասպանութեան  50 -ամեակին առիթով յուշագիր յանձնելու։ 

    Ամերիկահայ  հասարակական կեանքին Պօյաճեանի մասնակցութիւնը որպէս իրաւաբան յատկանշական դարձաաւ երբ Բարեգործականի Նախագահ՝ Ալեք Մանուկեանի հրաւէրով ան մաս կազմեց Հ․Բ․Ը․Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովին։   

    Պօյաճեան հրապարակագրութեան կողքին, կը լծուի Հայ Ժողովուրդի Պատմութեան եւ Մշակոյթի հետ առնչուած հարցերու ուսումնասիրութեան, ու իր թարգմանութեամբ անգլերէն լեզուով Նիւ Եորքի մէջ 1952-ին  կը հրատարակուի ԵՂԻՇԷի «ՎԱՍՆ ՎԱՐԴԱՆԱՑ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ» աշխատասիրութիւնը, որուն հետ միասին լոյս կը տեսնէ Երկի Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը, կատարուած ՌԱԿ-ի այլ Երախտաւոր Տոքթ․ Յովհաննէս Ծովիկեանի կողմէ։ 

    1965-ին «ՊԱՅՔԱՐ» օրաթերթի տպարանէն, առանձին հատորով լոյս կը տեսնէ Պօյաճեանի տարիներու աշխատասիրութիւնը՝ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵԳԷՈՆԸ- ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆ» խորագրով։ 

    Հայկական Ցեղասպանութեան հետ առնչուած իր ուսումնասիրութիւնը լոյս կը տեսնէ Նիւ Ճըրզիի մէջ       1972-ին,  «ARMENIA- The Case for a Forgotten Genocide” (Հայաստան- Մոռցուած Ցեղասպանութեան մը Պարագան ) խորագրով, որ ատենին բարձր գնահատանքի արժանացաւ Ամերիկեան պատմագիտական շրջանակներու կողմէ։  

    Երախտաւորը յառաջացած տարիքին մնաց յարգուած ամերիկահայ նուիրեալ ազգայինը, ու Պոսթոնի մէջ յաւիտեան իր աչքերը փակեց 1975-ին։

 

Արա Ահարոնեան