Սեւրի Դաշնագրի 100-Ամեակ. Գէորգ Հալէպլեան
Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 1920 թուականի Օգոստոս 10ին, Փարիզի արուարձաններէն Սեւրի մէջ: Թուրքիոյ Սուլթանական կառավարութեան եւ 1914-18 թթ. Առաջին Համաշխարհային պատերազմին յաղթանակ տարած դաշնակից պետութիւններու՝ Մեծ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, Լեհաստան, Փորթուգալ, Ռումանիա, Հայաստան, Չեխոսլովաքիա, Սերպերու, Խորվաթներու եւ Սլովեններու թագաւորութեան միջեւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեանը: Ան եւ Արեւմտահայութեան ներկայացուցիչ Պօղոս Նուպար Փաշա դաշնակից պետութեանց հետ կնքեցին լրացուցիչ պայմանագիր մը ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, դիւանագիտական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու վերաբերեալ: Միջազգային իրաւունքի առումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէս դաշնագրի մասնակից կողմ, տէ եուրէ կը ճանչցուէր պայմանագիրը ստորագրած միւս բոլոր պետութիւններուն կողմէ: Ի՛նչ է Սեւրի դաշնագիրը: Անշուշտ դաշնագրին հիմքը կը կազմեն 1916ին Սայքս-Փիքոյի պայմանագրի տրամադրութիւնները եւ պետութեանց 1920ին Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովի որոշումները:
Սեւրի դաշնագիրը կը բաղկանար 97 մասէ եւ 578 յօդուածներէ, որոնք սահմաններու, փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան, զինուորական, ծովային եւ օդային գերիներու եւ պատիժներու, ինչպէս նաեւ աշխատողներու հարցերուն մասին են: Ըստ Սեւրի պայմանագրի, Թուրքիոյ կը մնային Կոստանդնուպոլիսը եւ շրջակայքը, ապա ռազմականացումի կ՛ենթարկուէին նեղուցները, որոնք կը դրուէին միջազգային կառավարումի ներքոյ: Թուրքիան կը հրաժարէր Թրակիոյ նկատմամբ իր գերիշխանութենէն, Էգէեան ծովու կղզիներէն, Կիպրոսէն, Եգիպտոսէն եւ արաբական տարածքներէն: Յունաստանը պիտի կառավարէր Իզմիրը եւ անոր շրջակայքը, որուն բնակչութիւնը եթէ ուզէր Յունաստանի կրնար տիրապետել այդ տարածքին: Ասիական Թուրքիան կը կծկուէր մինչեւ Արեւմտեան Անատոլիոյ սահմանները: Հէճազը անկախութիւն կը ստանար, իսկ Եգիպտոսը, Պաղեստինը, Սուրիան եւ Միջագետքը (Իրաք) Ազգերու Լիկայի միջոցով, որպէս ենթամանդատային տարածք, կը յանձնուէին Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսային: Սեւրի պայմանագիրը բազմաթիւ կողմերով կը նպաստաւոր էր եւրոպական տէրութիւններու կողմէ Միջին Արեւելքի շարունակուող շահագործումին, դիւրացնելով այդ շրջաններուն վարչական, իրաւաբանական, զինուորական եւ տնտեսական վերահսկողութիւնը: Սեւրը եւ Հայաստանը Ի՞նչ են Սեւրի պայմանագրի եւ Հայաստանի կապը:
Պայմանագրի 88րդէն մինչեւ 93րդ յօդուածները Հայաստանին կը վերաբերին: Հոս մէջբերենք դաշնագրին մանաւանդ 88րդ եւ 89րդ յօդուածները. 2 Յօդուած 88.-Թուրքիա կը յայտարարէ թէ ինք կը ճանչնայ Հայաստանը իբր ազատ եւ անկախ պետութիւն մը, ինչպէս ըրած էին ասկէ առաջ դաշնակից պետութիւնները: Յօդուած 89.-Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ միւս պայմանադիր բարձր կողմերը կը հաւանին Ամերիկայի նախագահին իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին որոշման խնդիրը եւ ընդունիլ նախագահին որոշումով Հայաստանի ծով իջնելուն եւ վերոյիշեալ սահմանին յարակից բոլոր օսմանեան հողերուն զինուորապէս չեզոքացման մասին պատրաստուած բոլոր տրամադրութիւնները:
Այսպիսով Թուրքիա կը ճանչնար Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս ազատ եւ անկախ պետութիւն: Թուրքիան եւ Հայաստանը կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու (վիլայէթներ) մէջ երկու պետութիւններու միջեւ սահմաններու ճշդումը թողուլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու որոշումին եւ ընդունիլ այդ որոշումը եւ Հայաստանին դէպի ծով ելք տալու եւ այդ սահմաններուն մօտ Օսմանեան բոլոր տարածքները ապառազմականացնելու վերաբերեալ առաջարկները: Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմաններուն, ատոնք պիտի որոշուէին այդ պետութեանց հետ ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով:
Եթէ այդ պետութիւնները չհամաձայնէին, ուրեմն դաշնակից գլխաւոր պետութիւնները հարցը պէտք է լուծէին յատուկ յանձնաժողովի մը միջոցով: Սեւրի հաշտութեան դաշնագիրին համապատասխան յօդուածները կ՛արտօնէին բնակչութեան ազատ փոխադրութիւնը. 18էն բարձր տարիք ունեցողներ կրնային քաղաքացիութիւն ընտրել շրջանի այլ երկրի մէջ, ըստ իրենց ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան, ուր որ անոնք մեծամասնութիւն կը կազմէին: Անոնք պիտի պահէին իրենց ինչքերու իրաւունքը, բայց ստիպուած պիտի ըլլային տարուան մը ընթացքին իրենց կալուածքները փոխադրել իրենց ընտրած երկիրը: Անօրէն կը յայտարարուէր լքեալ կալուածքներուն վերաբերող Օսմանեան կառավարութեան 1915ի օրէնքը: Թուրքիոյ մէջ մնացող փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութիւնը, կեանքը, ազատութիւնը եւ հաւասարութիւնը օրէնքի առջեւ պիտի ապահովուէր կառավարութեան կողմէ: Պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կատարուած վայրագութիւններուն համար Օսմանեան կառավարութիւնը պարտաւոր էր իր եւ Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ամէն տեսակի օգնութիւն ցոյց տալ, մանաւանդ 1914 Նոյեմբեր 1էն յետոյ կորսուած, առեւանգուած կամ բանտարկուած ամէն ազգութեան եւ կրօնքի մարդոց գտնել եւ ազատ արձակել:
Պատիժներու բաժնին մէջ թրքական կառավարութիւնը կ՛ընդունէր թէ դաշնակից տէրութիւնները իրաւունք ունին ռազմական ատեանին յանձնելու պատերազմի օրէնքները եւ կանոնները խախտած յանցաւորներ, անոնց կատարած ոճրագործութիւններուն մասին տեղեկութիւններ եւ փաստաթուղթեր տրամադրել: Դաշնակիցներ իրաւունք պիտի ունենային ատեաններ կազմելու եւ դատելու զանոնք:
Կողմերը համաձայներ էին, որ Վրաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Պարսկաստան Բաթումի նաւահանգիստին մէջ դէպի Սեւ Ծով ազատ մուտք պիտի ունենային:
Դաշնակիցներ տրամադիր էին Կարսէն Ճորոխի հովիտով դէպի Բաթում Հայկական միջանցք մը ունենալու գաղափարին, բայց եւ այնպէս պայմանագիրը ստորագրելու պահուն Վրաստան հայերուն առաջարկեց Վրաստանի տարածքով երկաթուղի կառուցել: Տրուած ըլլալով որ տակաւին յայտնի չէր թէ արդեօ՞ք Տրապիզոնի նաւահանգիստը Հայաստանի մէջ 3 պիտի մտցուի թէ ոչ, ապա յատուկ յօդուածով մը Հայաստանի անցքի յատուկ արտօնութիւններ կը տրուէր եւ այդ նաւահանգիստին մէջ մաս մըն ալ յաւերժ վարձքով կը տրուէր: Սեւրի դաշնագիրին ստորագրութենէն առաջ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Ուոտրօ Ուիլսոնի կազմած յանձնաժողովը ուսումնասիրած էր շրջանը, տեղագրութիւն, տնտեսութիւն, փոխադրամիջոց, ջրային պաշարներ, առեւտուրի ճամբաներ, ժողովրդագրական եւ այլ հարցեր, որոնք նկատի պէտք է առնուէին սահմանները որոշելու ընթացքին: Յանձնաժողովը իր յանձնարարականները ներկայացուց Սեպտեմբեր1920ին, իսկ Նախագահ Ուիլսոն իր որոշումը եւրոպական տէրութիւններուն յանձնեց Նոյեմբերին:
Համաձայն Ուիլսոնի որոշումին, Հայաստան պիտի ստանար Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն երկու երրորդը, գրեթէ ամբողջ Էրզրումը, Տրապիզոնի մեծ մասը, ներառեալ նաւահանգիստը: Այդ ամբողջ տարածքը շուրջ 90 հազար քառակուսի քիլոմեթր էր: Միանալով Անդրկովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութեան, հայկական անկախ պետութիւնը շուրջ 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք պիտի ունենար դէպի Սեւ Ծով ելքով: Ի՞նչ ճակատագիր ունեցաւ Սեւրի դաշնագիրը Սեւրի դաշնագիրը թէեւ Հայկական Հարցի լուծման ճանապարհին կարեւոր քայլ մըն էր, որով հայութիւնը բաւական մեծ կենսական տարածք կ՛ունենար, սակայն մնաց թուղթի վրայ, իսկ Ուիլսընեան սահմաններով Հայաստանի քարտէսը՝ պատերու վրայ կախուած յուշ: Նոյնիսկ Սուլթանական կառավարութիւնը չվաւերացուց դաշնագիրը:
Քեմալականներ ամէն միջոցի դիմեցին ձախողցնելու զայն, նոյնիսկ նոր յարձակում գործեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ, վերջնականապէս ոչնչացնելու նպատակով: Օգտուելով միջազգային թոյլատու պայմաններէն, մանաւանդ Ռուսաստանի Թուրքիոյ մօտիկութենէն, Քեմալականներ կրցան Սեւրի դաշնագիրը վերատեսութեան ենթարկել տալ եւ հուսկ՝ վերացնել զայն:
Դաշնագիրը յօդս ցնդեցաւ 1923ին Լօզանի պայմանագրի ստորագրումով: Լոզանի պայմանագիրը փաստօրէն քերեզմանեց Սեւրի դաշնագիրը: Դաշնակիցներ ճանչցան Մուսթաֆա Քեմալի կառավարութիւնը եւ իրաւունքը Արեւելեան Թրակիոյ, Իզմիրի եւ Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ Սեւրի դաշնագրով Հայաստանին անցած բոլոր տարածքներուն նկատմամբ: Անոնք նոյնիսկ ճանչցան Թուրքիոյ նոր սահմանները, որոնք կ՛ընդգրկէին Արեւելեան Հայաստանի նախկին շրջանները՝ Կարսը, Արդահանը եւ Սուրմալուն: Այսպիսով Թուրքը մեծագոյն յաղթանակ տարաւ տանէր: Պատմական Հայաստանէն կը մնար փոքրիկ տարածք մը միայն: Սեւրի դաշնագրի պատմական եւ արդի նշանակութիւնը Սեւրի Դաշնագիրը պատմական, քաղաքական եւ իրաւական արժէք ունեցող վաւերագիր մըն է, որուն մէջ յստակօրէն կը ճանչցուէին հայկական պետականութեան իրաւունքները Հայաստանի հողերուն վրայ: Հայկական Հարցի լուծման ուղղութեամբ այսօր թերեւս անիրագործելի ըլլալով, դաշնագիրը սակայն 100 տարի անց տակաւին չէ կորսնցուցած իր պատմական նշանակութիւնը եւ արժէքը Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման ճամբուն վրայ իրաւական հիմքերու տեսակէտէ:
Սեւրի պայմանագիրը ճիշդ գնահատելու համար պէտք է հարց տանք թէ արդեօ՞ք ատով լուծուեցան քաղաքական կնճռոտ հարցերը, որոնք դրուած էին դաշնագրին մէջ: Իսկ այդ հարցերն էին՝ Հայկականը, Քրտականը, մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութիւններու դէմ պայքարը եւ ոճրագործներ պատժելը:
Դաշնագրի կնքումէն 100 տարի անցած է, սակայն երեք հարցերն ալ չեն լուծուած տակաւին: Աւելին, Սեւրի ձախողումը յետագայ տարիներուն բազմաթիւ արհաւիրքներու պատճառ եղած է: Այնպէս որ Մեծ տէրութիւններու շահերու զոհ դարձած Սեւրի դաշնագիրը եւ Ուիլսոնեան իրաւարար վճիռը թերեւս օր մը դարձեալ, նոյն այդ տէրութիւններուն կողմէ, պարտադրուի Թուրքիոյ: Մենք ալ մեր կարգին պատրաստ պէտք է ըլլանք յարմար առիթին իրատեսօրէն արծարծելու զայն միջազգային ատեաններու մօտ:
Գէորգ Հալէպլեան