Փանթուրքիզմի Մօտակայ Եւ Հեռակայ Նպատակները. Գէորգ Հալէպլեան

2020-05-11
Image

Նուաճելով հսկայական տարածքներ, այլ ժողովուրդներու հայրենիքներէն ստեղծելով սեփական հայրենիք, իւրացնելով կամ ոչնչացնելով պարտուած ժողովուրդներու մշակոյթներ, թուրքերը չէին մոռնար իրենց նախահայրենիքը, անոնք այնտեղ թողած էին իրենց արիւնակիցները։ Ինչպէս փանթուրքիզմի գաղափարախօս եւ տեսաբան Կէոքալփը կը գրէ.- «Ցեղի մը բնակած երկիրը կը կոչուի Հայրենիք, թուրքը ուր որ երթայ չի մոռնար իր նախահայրենիքը, որովհետեւ իր նախնեաց գերեզմանը այնտեղ է, իր մանկութեան շրջանը, հայրական օճախը, մայրական գիրկը, բոլորն ալ այնտեղ կը գտնուին»։

Թուրքերուն մէջ կը խօսէր ցեղին ձայնը, արեան կանչը։ Անոնք կը ձգտէին թրքալեզու բոլոր ժողովուրդներու տարածքները միաւորելու մէկ պետութեան մէջ։ Փանթուրքիզմը կը ձգտէր նուաճուած տարածքներուն մէջ ստեղծուած նոր հայրենիքները եւ նախահայրենիքը միաւորել մէկ պետութեան մը մէջ, որ կը կոչուէր Մեծ Թուրան։ Բայց նկատի ունենալով ռազմավարական խնդիրը եւ Մեծ Թուրանի պետութեան ստեղծման դժուարութիւնները, փանթուրքիզմը նպատակ դրած էր զայն իրականացնել երկու փուլով.-

Առաջինը՝ պէտք էր համախմբել Օղուզ թուրքերը՝ թուրքմէնները, որոնք «Օղուզ խանի թոռներն են» եւ իրենց մշակոյթով շատ մօտ։ Այս ճիւղին կը պատկանին Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Թուրքմենիստանի, եւ Իրանի թուրքմէնները։ Այնուհետեւ Կէոքալփը կը շարունակէ.-«Թուրքիոյ թուրքմէններուն պէս, Ազրպէյճանի, Իրանի, եւ Խորեզմի երկիրներու թուրքմէններն ալ կը պատկանին օղուզ ճիւղին։ Հետեւաբար, մեր մօտակայ նպատակը պիտի ըլլայ օղուզ կամ թուրքմէն միութիւնը, Օղուզ թուրքերը տարածուած ըլլալով այդ չորս երկիրներուն մէջ, բոլորն ալ իրար մօտիկ ազգականներ են, ուրեմն Խորեզմը, Իրանը, Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան, թուրք ազգագրական տեսակէտով, նոյն ցեղի հայրենիքներն են եւ այդ չորս երկիրները միասին կրնան Օղուզիստան կոչուիլ» կ'եզրակացնէ Կէոքալփ։ Ինչպէս կը տեսնենք, փանթուրքիզմը իրականացնելու եւ Թուրքիան թրքացնելու համար, ոչնչացուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանը եւ արեւմտահայութիւնը, ապա օղուզականութեան իրականացման համար պէտք էր ոչնչանար նաեւ Արեւելեան Հայաստանը, որ արգելք մըն էր այդ երկիրներու միաւորման ճանապարհին։

Փանթուրքիզմի գաղափարախօսները Ա. Համաշխարհային պատերազմին իսկ, մեծ յոյսեր ունէին որ ռուսական կայսրութիւնը կը կործանի եւ իրենց ազգային իտէալը ՝ փանթուրքիզմը իրականութիւն կը դառնայ։ Անոնք լայն գործունէութիւն ծաւալեցին իրենց ծրագիրները իրագործելու, մասնաւորապէս, Անդրկովկասը գրաւելու եւ արեւելահայութիւնը ոչնչացնելու համար։ Եթէ թուրքիզմը իրականացաւ Թուրքիոյ ոյժով, ապա օղուզական պետութիւն ստեղծելու գործին մէջ բաժին հասաւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին։ Այդ նպատակով Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը 1919-ի Նոյեմբեր 29-ին եւ 1920-ի Ապրիլ 15-ին, գաղտնի համաձայնագիր կնքեցին Հայաստանի դէմ։ 1920-ի Սեպտեմբեր 28-ին, Թուրքիան յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ, իսկ նոյն թուականի Նոյեմբեր 29-ին, Հայաստան մտան ռուսական զօրքերը։  

Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձաւ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի զոհը։ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կործանեցաւ եւ Հայաստանը մասնատուեցաւ, Թուրքիան գրաւեց Արեւմտեան Հայաստանը, Կարսը, Սուրմալուն, Արարատ լեռով։ Ռուսաստանին անցան Արեւելեան Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը։ Ազրպէյճանը Ռուսաստանին անցաւ Մուսթաֆա Քեմալի Լենինին գրած 1920-ի Ապրիլ 26-ի նամակի պայմաններուն համաձայն եւ որպէս փոխհատուցում՝ Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղը տրուեցան Ազրպէյճանին։ Սա փանթուրքիստներու մեծ յաղթանակ էր, բայց օղուզական պետութիւնը չստեղծուեցաւ։  

Հեռաւոր նպատակ.-

Ի՞նչ կը նշանակէ թուրանականութիւն։ Փանթուրքիստները որոշակիօրէն կը սահմանազատեն թուրք եւ թուրան հասկացողութիւնները։ Կէոքալփ հետեւեալը կ'ըսէ.-«Թուրքայնութեան եւ թուրանականութեան տարբերութիւնները հասկնալու համար, անհրաժեշտ է որոշել թուրք եւ թուրան խումբերու սահմանները։ Թուրքը ազգի մը անունն է։ Ազգ կը կոչուի այն խումբը, որ ունի իրեն յատուկ մշակոյթ։ Ուրեմն թուրքը կրնայ ունենալ միայն մէկ լեզու եւ մէկ մշակոյթ»։ Ինչպէս տեսանք, Կէոքալփը այս խումբին մէջ կը դիտարկէ ազրպէյճանցիները եւ թուրքմէնները։

Փանթուրքիստներու համաձայն, թուրքերու հայրենիքը հսկայական տարածք մըն է, որ կ'ընդգրկէ Պալքաններէն եւ Հունգարիայէն մինչեւ Մանչուրիա եւ Չինաստանէն մինչեւ Սառուցեալ Ովկիանոս։ Այնուհետեւ Կէոքալփ կ'աւելցնէ.-«Եւ քանի որ թուրքը ազգի մը անունն է, ապա վերը նշուած տարածքներուն մէջ բնակող բոլոր թրքալեզու ժողովուրդներու միաւորման համար նոր անունի մը անհրաժեշտութիւն պիտի զգացուի, եւ ահա այդ ընդհանրական անունն ալ կը կոչուի Թուրան»։ Կէոքալփ կը շարունակէ իր խօսքը.-«Թուրանը բոլոր թուրքերու՝ անցեալին, ապագային իրականանալիք մեծ հայրենիքն է, Թուրանը թուրքերով բնակուող տարածքի հաւաքական անունն է, Թուրան պէտք է անուանենք բոլոր թրքական ճիւղերը բովանդակող մեծ Թուրքիստանը»։

Փանթուրքիզմի հեռաւոր նպատակը Թուրան անուան տակ թրքալեզու ժողովուրդներու համախմբումն է, Մեծ Թուրանի պետութեան ստեղծումը։ Փանթուրքիստները կը հասկնային որ թուրանականութեան գաղափարը դիւրութեամբ չէր կրնար իրականանալ։ Կէոքալփ հետեւեալը կը գրէ.-«Հարիւր միլիոնաւոր թուրքերու մէկ ազգի մէջ միաւորելը թուրքիզմի կողմնակիցներու համար յափշտակութեան ուժեղ աղբիւր մըն է։ Եթէ չ'ըլլար Թուրանի գաղափարը, թուրքիզմը չէր կրնար այդքան արագ տարածուիլ, բայց թերեւս, ապագային կարելի կ'ըլլայ Թուրան գաղափարի իրականացումը։ Գաղափարը անկախութիւն ստեղծելն է։ Երէկ թուրքերու համար ազգային պետութիւնը անիրականալի գաղափար մըն էր, իսկ այսօր այդ գաղափարը Թուրքիոյ մէջ իրականութիւն դարձած է»։

Փանթուրքիզմի ուրիշ գաղափարախօս մը ՝ Մէհմէտ Էմին հետեւեալը կ'ըսէ Մեծ Թուրանի մասին.-

«Մէկ փեթակ ունին բոլոր մէղուները,

մէկ Թուրան պէտք է ունենան բոլոր թուրքերը»։

Այնուհետեւ Էմին կոչ կ'ուղղէ թրքական բոլոր ժողովուրդներուն համախմբուելու Մեծ Թուրանի գաղափարի շուրջ, զգուշացնելով, որ «առանց արեան ծաղիկ չի ծնիր, առանց զոհի, առանց այլ ժողովուրդներու ոչնչացման հայրենիք չի ստեղծուիր»։

Եթէ վերոյիշեալ երկու հեղինակները թրքական ժողովուրդներուն կոչ կ'ընէին համախմբուելու եւ ստեղծելու մէկ միասնական հայրենիք՝ Մեծ Թուրան, ապա փանթուրքիզմի ուրիշ գաղափարախօս մը՝ Էնիս Աւնի, արդէն անթաքոյց կը շարադրէ այդ ճանապարհին վրայ ինկած ժողովուրդներու ոչնչացման ծրագիրը՝

«Կոխած տեղերնուս ամէն մէկ մասէն արիւն պիտի ժայթքի

Երկարած թաթիս տակ գարունները՝ աշնան եւ աշունները՝ զնտանի պիտի վերածուին...

Եթէ քարը քարին վրայ թողնեմ՝ ետիս թողած օճախս թող քանդուի...

Վարդաստանները մեռելստան պիտի ընեմ սուրովս...

Պատմութեան պիտի թողնեմ այդպիսի կործանուած ու գետնի

Հաւասար աւերակ մը, որ տասը դար մարդիկ չկարողանան

Քաղաքակրթութիւն կանգնեցնել անոր վրայ»։

Այսպիսով, եթէ թուրքիզմի գաղափարախօսութեան կենսագործումով ոչնչացաւ արեւմտահայութիւնը, ապա փանթուրքիզմի գաղափարախօսութեան իրականացումով պէտք էր անխուսափելիօրէն ոչնչացուէր նաեւ արեւելահայութիւնը։

Թուրքիան, անկախ այն իրողութենէն, թէ որոնք եղած են իշխանութեան ղեկին, հետեւողականօրէն պայքարած է փանթուրքիզմի ծրագիրը իրականացնելու համար, եւ որ առ այսօր կը շարունակէ։

Այս է պատմութեան հիմնական եւ կարեւոր դասը հայ ժողովուրդին համար։ Եթէ մէկ կողմէն Մեծ Թուրանի իրագործումը կը սպառնայ ոչնչացնել մեր ժողովուրդին եւ մեր անկախ պետականութեան, ապա միւս կողմէն կը սպառնայ մասնատել Ռուսաստանը՝ անկէ անջատելով թրքալեզու ժողովուրդներով բնակեցուած տարածքները։ Փանթուրքիզմը դիմակայելու եւ երկրորդ եղեռնէ մը փրկուելու համար, պատմութիւնը մեր ժողովուրդին թողեց մէկ ճանապարհ՝ դաշինք Ռուսաստանի հետ։

 

Գէորգ Հալէպլեան