Ոսկեայ տառերով փորագրուած անցեալի վերարժեւորման պահն է որ կ'ըմբոշխնենք այսօր. Յայտարարութիւն ՌԱԿ 98-ամեակի առթիւ

2019-10-01
Image

Հոկտեմբեր 1, 2019

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը այսօր հպարտօրէն կ'ոգեկոչէ ՌԱԿ-ի հիմնադրութեան պանծալի 98-ամեակը, ողջունելով եւ յարգելով աւանդական մեր կուսակցութեան եւ կուսակցականներուն բեղուն վաստակը եւ անսակարկ նուիրումը։

 

Ազգային վեհանձնութեան, տասնամեակներու գործի եւ իրագործումի, ոսկեայ տառերով փորագրուած անցեալի վերարժեւորման պահն է որ կ'ըմբոշխնենք այսօր:

 

Ոգեշնչող է յատկապէս 2019-ի տարեդարձը, որովհետեւ այսօր հայրենի հողին վրայ ՌԱԿ-ի գաղափարախօսութեան վերընձիւղման եւ իրագործման բախտորոշ ժամանակներու ականատեսը կ'ըլլանք:

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը այս յայտարարութեամբ կը միտի բարձր գնահատանքի եւ քաջալերանքի խօսք ուղղել կուսակցութեան հիմքը հանդիսացող, կուսակցական բոլոր ընկեր ընկերուհիներուն, մեր շրջանակներուն, ղեկավար եւ մտաւորական նուիրեալներուն, մօտ կամ հեռու, որոնք 98 տարիներէ ի վեր, անկոտրում ազգային կիրքով եւ հաւատքով ջահակիրները դարձան Ռամկավարութեան ուխտին, բարձր պահելով կուսակցութեան աւանդը եւ ժառանգութիւնը։ 

 

Հակառակ մեր առջեւ ծառացած բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներուն, ՌԱԿ-ը, իւրաքանչիւր Ռամկավար կուսակցականը, գիտակցութեամբ եւ ամենայն հոգատարութեամբ պահպանած է հայ ժողովուրդին, Սփիւռքին եւ Հայրենիքին ծառայելու իր սրբազան ուխտը, Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաներու, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ  հայահոծ գաղութներուն մէջ գործող ՌԱԿի շրջանակներուն ընդմէջէն։ 

 

98 տարիներու յառաջադէմ մտայնութեամբ նաեւ, հայու իրաւունքին եւ ազգային ազատականութեան ըմբռնումներուն համասփիւռքեան հարթակն է ՌԱԿ-ը՝ իր հեղինակաւոր մտաւորականներու եւ գաղութային գործիչներու խօսքով, գրիչով եւ գործով արտայայտուող, որ յամառօրէն  պայքարած է եւ կը շարունակէ պայքարիլ առ այսօր՝ ի գործ հայապահպանութեան եւ պահանջատիրութեան, ամենայն արժանապատւութեամբ եւ յանձնառութեամբ։ 

 

Հայ ժողովուրդի այսօրուան հրամայականը մեր անկախ հայրենիքի յառաջդիմութիւնն է, Սփիւռքի վերակազմակերպումը, հայկական բանակի հզօրացումը, Արցախի խաղաղութիւնը եւ մեր պատմական պահանջատիրութեան արդար եւ ամբողջական լուծումը

 

Աշխարհով մէկ, մենք՝ Ռամկավարներս, ուխտած ենք եւ կ'ուխտենք նաեւ այսօր, ԾԱՌԱՅԵԼ ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ։ 

 

Կեցցէ՛ ՌԱԿի 98-ամեակը։

 

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը,

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատականը,

Կեցցէ՛ Հայ Ժողովուրդը,

Կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը

Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը։

 

 

Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ