Այժմ պահն է միասնականութեան. Երուսաղէմի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւններ

2020-09-27
Image

Այսօր առաւօտեան, Կիրակի,  27  Սեպտեմբեր 2020-ին,  Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը հռթիրային յարձակում գործած են Արցախի ճակատի բոլոր երկայնքին։ Հայաստանի եւ Արցախի զինեալ բանակը հակադարձած է եւ մեծ կորուստներ պատճառած թշնամիին։

Երուսաղէմի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնները եւ բոլոր անդամ-անդամուհիները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայոց բանակին եւ քաղաքական իշխանութեան։

Այժմ պահն է միասնականութեան, որ բռունցք դառնանք եւ մահացու հարուած տանք ոսոխին։

Ատրպէյճան՝ անտեսելով միջազգային բոլոր չափանիշներն ու համաձայնութիւնները, դարձեալ սադրանքի կը դիմէ, կրակ բանալով մեր սահմանապահ զինուորներու եւ խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ, խախտելով զինադադարի օրէնքները: Մենք վստահ ենք, որ մեր քաջարի  բանակը արդար հակահարուած կը հասցնէ։

ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնները եւ բոլոր անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհերու ընտանիքներուն եւ բոլոր Հայ ազգին։ Թող Աստուած իր լոյսերուն մէջ հանգչեցնէ անոնց հոգիները եւ ընտանեկան պարագաներուն մխիթարութիւն պարգեւէ:

Փառք ու պատիւ Հայ զինուորին եւ մեր հզօր բանակին։

Պիտի յաղթենք՝

Կեցցէ Հայոց հզօր բանակը,

Կեցցէ Հայաստան աշխարհը, Արցախը եւ Հայ ազգը՝ ի Սփիւռս աշխարհի։

 

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՌԱԿ-Ի ԷՕԺԷՆ ԲԱԲԱԶԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ