Առ որ անկ է. Ոչ մէկ առնչութիւն ունիմ կամ կ'ուզեմ ունենալ որեւէ ապօրինի մարմնի հետ
Առ որ անկ է
Վերջերս վերահասու դարձայ ՌԱԿ «Գերագոյն խորհուրդ»ի կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մը, որ կ'անդրադառնայ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, ի դէմս «Քորոնա» ժահրի համաճարակին եւ անոր զուգահեռ յառաջացած քաղաքական տագնապին:
Անկախ յայտարարութեան բովանդակութենէն, կ'ուզեմ բոլոր իրաւասու շրջանակներուն տեղեկացնել, որ սոյն յայտարարութեամբ անձիս հանդէպ իրաւական կոպիտ խախտում կատարուած է:
Յայտարարութիւնը տարածուած է վերոնշեալ խմբակին կողմէ պատրաստուած պաշտօնական տեսք կրող նամակթուղթի վրայ, որուն մէջ նշուած են նոյն այդ խմբակին մաս կազմող անձերուն անունները, եւ ի զարմանս ինծի, ցուցակը կ’ընդգրկէ նաեւ իմ անունս, առանց իմ իսկ իմացութեանս եւ թոյլտւութեանս:
Սանձարձակ այս անպատկառութիւնը անհանդուրժելի կոպտագոյն խախտում է նախ իմ անձիս հանդէպ, եւ ապա՝ կուսակցական պատկանելիութեանս օրինականութեան հանդէպ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամակցութեանս ողջ ընթացքին ծանօթ չեմ եղած «Գերագոյն խորհուրդ» անունով մարմնի մը մասին, սակայն ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ բազմիցս եղած յայտարուրութիւններու միջոցաւ, վերջերս տեղեկացած եմ մտացածին եւ կեղծ «մարմնի» մը հակաօրինական եւ ինքնակոչ «նկրտումներուն» մասին, հետեւաբար բացարձակապէս չեմ արտօներ որ զեղծարարութեամբ արատաւորուի, անունս, զայն կապելով անճոռնի այդ անօրինականութեան հետ:
Ես կը ճանչնամ ՌԱԿ-ի մէկ գերագոյն ղեակավար մարմին՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը, որ ներկայիս կը գործէ Ընկ. Մայք Խարապեանի ատենապետութեամբ, եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունիմ կամ կ'ուզեմ ունենալ որեւէ ապօրինի մարմնի հետ:
Ուստի կը պահանջեմ, որ անմիջապէս վերջ տրուի այս զեղածարարութեան, պահանջելով նաեւ որ, անյապաղ կերպով, անունս դուրս բերուի այդ «կազմի» ցանկէն:
Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան