Արտեմ Նանեճեանի Կորուստը

2021-03-07
Image

Հայ ազգը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ը կորսնցուցին նուիրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը, անշահախնդիր մարդ մը, Արտեմ Նանեճեանը: Կորսնցուցինք հայ լայնախոհ եւ ազտականութեան հաւատացող գլխագիր մարդ մը, որ կը ստանձնէր կուսակցութիւնը ներկայացնելու պարտականութիւնը կարգ մը կառոյցներու մէջ:    

Հայ ազգային ոգիով թրծուած փոքր տարիքէն, Նանեճեան ազգասէր ընտանիքի յարկին տակ, Արտեմ Նանեճեան կը յաճախէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Երուանդ Տեմիրճեան վարժարանը: Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանի մէջ: Իսկ երկրաչափութեան համալսարանական ուսումը կը մնայ կիսաւարտ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:

Փոքր տարիքէն կ'անդամակցի Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի Ալէք Մանուկեան Կեդրոնի սկաուտական շարժումին: Կ'անդամակցի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ երկար տարիներ կը վարէ պատասխանատու պաշտօններ իր ակումբին եւ Շրջանային վարչութեան մէջ: Ան բազմիցս ծառայած է որպէս կուսակցութեան ներկայացուցիչը տարբեր կառոյցներու մէջ: Ընկեր Արտեմ ծառայասէր եւ լայնախոհ անձ մըն էր: Ուր որ գործ կար, հոն էր մեր սիրելի ընկերը: Պատասխանտուութիւն վերցնելը իրեն համար հաճոյք էր: Հաւասարակշուած անձ մըն էր եւ բարի գործը իր կենսաձեւին վերածած էր: Մանրուքներով զբաղող մը չէր ան, այլ մեծ գործին եւ անոր արդիւնքին կը հաւատար: Ներելու հազուագիւտ առաքինութիւնը ունէր Արտեմ եւ հայութեան մէջ այդ առաքինութիւնը միշտ պէտք կ'ըլլայ, նկատի առնելով աշխատող մարդուն հանդէպ մանրուքներով զբաղող մարդոց երբեմն ժխտական վերաբերմունքը: Երբ զինք այցելէի, միշտ կը խօսէինք նոր ծրագիրներու մասին մեր ազգային կառոյցները յառաջ տանելու համար: Կ'ուրախանար մեր Արմէնական Պատանեկան շարժումի գործունէութեամբ ու մեզ կը քաջալերէր:

Բնակարանը ըլլալով Ժմեյզիի շրջանին մէջ, 4 Օգոստոս 2020-ի Պէյրութի պայթումին վիրաւորուած էր եւ ամիսներ ետք չկրցաւ վերականգնել իր առողջութիւնը ու զոհ դարձաւ այդ անմարդկային արարքին:

Ընկեր Արտեմ Նանեճեան միշտ պիտի յիշուի որպէս յարգուած, հաւասարակշռուած, համեստ ընկեր, միշտ ծառայելու պատրաստ: Այսօր մենք կորսնցուցինք այս առաքինութիւնները ունեցող ազնիւ ընկեր մը: Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին: Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Արտեմ:      

 

            Վիգէն Կ.Թոսունեան