Գոյժ. Մահ ընկեր Արա Ահարոնեանի. ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը կը գուժէ անակնկալ մահը Շրջանակիս նախկին ատենապետ, նուիրեալ կուսակցական, մեծ հայրենասէր, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար ընկեր Արա Ահարոնեանի, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 5 Մայիս, 2021-ին, Լոս Անճելըսի մէջ։
Բազմավաստակ ընկեր Ահարոնեան հայ համայնքէն ներս վարած էր ու կը վարէր զանազան պաշտօններ, կը ստանձնէր պարտականութիւններ եւ գաղութէն ներս իր ուրոյն տեղը ունէր, միշտ պատրաստ ծառայելու իր հայրենիքին՝ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի միջոցով:
Կորուստին ահագնութիւնը տակաւին շատ կանուխ է գիտակցիլ ու ապրիլ: Երախտաշատ ընկերը ծնած էր 1952-ին, Թրիփոլի, Լիբանան: Տասնամեակներ շարունակ մնաց պատնէշի վրայ, գործեց անմնացորդօրէն եւ եղաւ կազմակերպիչը ՌԱԿ-ի Արեւմտեան ափի շրջանակին: Նպաստը բերաւ «Նոր Օր» պաշտօնաթերթի յարատեւ հրատարակութեան. իսկ իր ժրաջան աշխատակցութեամբ, օրինակ ծառայեց շատ շատերու:
Ընկեր Ահարոնեան կիսատ թողուց ամենատարբեր աշխատանքներ, ծրագիրներ, «մեծ երազներ», որոնք պարտաւոր ենք շարունակել եւ իրականացնել: Այսօր սուգի մէջ է համայն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:
Այս տխուր առիթով, ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան անունով, մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին անմիջական հարազատներուն, ազգականներուն, կուսակցական եւ միութենական բոլոր ընկերներուն, Կլենտէյլ-Փասատինայի ՌԱԿ «Գերսամ Ահարոնեան» ակումբին:
Աստուած հոգին խաղաղութեան եւ լոյսերու մէջ պահէ:
Կորուստդ անդառնալի է սիրելի՛ ընկեր Ահարոնեան:
Վշտակցութեան ջերմագին զգացումներով՝
ՌԱԿ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Յ.Գ. Հանգուցեալին ընտանիքին հետ խորհրդակցաբար, ցաւակցութիւններ պիտի ընդունուին ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան կեդրոնէն ներս, Ալթատինա: Կը խնդրենք հետեւիլ մեր հաղորդագրութիւններուն:
Լոս Անճելըս, 5 Մայիս, 2021