Գոյժ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Գրիգոր Քիւրէճեան

2020-04-11
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը Լիբանանի շրջանակի ղեկավար անդամներէն, վաստակաշատ հաւատաւոր Ընկ. Գրիգոր Քիւրէճեանի, որ պատահեցաւ 9 Ապրիլ 2020-ին, Պէյրութի մէջ։

Ընկեր Քիւրէճեան ՌԱԿ-ի կրկնակի վեթերան անդամ էր: Ան իր ազգային բեղուն գործունէութեան ընթացքին գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Լիբանանահայ համայնքի ազգային, կրթական եւ համայնքային կեանքէն ներս: Ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Լիբանանի մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  կառոյցի եւ Թէքէեան Վարժարանի հզօրացման ջանքերուն մէջ։

Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր հոգիին:

 

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն