Գոյժ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Կարապետ Սայապալեան

2020-04-11
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը Ֆրանսայի շրջանակի ղեկավար անդամներէն, վաստակաշատ հաւատաւոր Ընկ. Կարապետ Սայապալեանի, որ պատահեցաւ 10 Ապրիլ 2020-ին, Մարսէյլի մէջ։

Ընկեր Սայապալեան մինչ իր մահկանացուն կնքելը, կը վարէր ՌԱԿ-ի Ֆրանսայի շրջանակի Փոխատենապետի պաշտօնը: Բացի իր կուսակցական նուիրական գործունէութենէն, ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Մարսէյլի մէջ հայ համայնքի ազգային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս:

Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր հոգիին:

 

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն