Գոյժ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Նահապետ Նահապետեանը
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ մահը Ընկ. Նահապետ Նահապետեանի, որ պատահեցաւ 11 Փետրուար 2020-ին, Պուէնոս Այրեսի մէջ:
Ընկ. Նահապետեան եղած է երկարամեայ հաւատաւոր անդամ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ մինչ օրս ալ, ան կը համալրէր Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ անդամներու փառաւոր շարքը:
Իբրեւ Ռամկավար ղեկավար՝ ընկ. Նահապետեան երկար տարիներ ծառայած է Պուէնոս Այրէսի համայնքային կեանքէն ներս: Եղած է «Սարդարապատ» շաբաթաթաերթի հիմնադիրը, որ մինչեւ օրս լոյս կը տեսնէ:
Ան նաեւ նշանակալի մասնակցութիւն ունեած է Արժանթինի շրջանին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կառոյցի հզօրացման աշխատանքներուն:
Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակին: