ԳՈՅԺ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Վաչէ Յակոբեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ մահը Լիբանանի շրջանակի ղեկավար անդամներէն, հաւատաւոր Ընկ. Վաչէ Յակոբեանի, որ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 2020-ին, Երեւանի մէջ։
Նորոգ հանգուցեալ մեր ընկերը, որպէս Արմենակ Եկարեան ակումբի երկարամեայ ատենապետ, կուսակցական եւ միութենական բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Լիբանանի մէջ: Ան ծանօթ էր իր ծառայասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, ինչն ալ զինք մղած էր վերջին տարիներուն տեղափոխուելու հայրենիք, ուր ալ, կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք, յաւիտենապէս փակեց իր աչքերը։
Այս տխուր առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր հոգիին:
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն