Գոյժ. Ոչ եւս է Ռ.Ա.Կ. երախտաւոր Ընկ. Ներսէս Ներսէսեան

2023-03-10
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ Յորդանանի շրջանակի ղեկավար անդամներէն, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, ՌԱԿ Յորդանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, վաստակաշատ հաւատաւոր Ընկ. Ներսէս Ներսէսեանի մահը, որ պատահեցաւ 10 Մարտ 2023-ին, Ամմանի մէջ:

Նուիրեալ հայ եւ ՌԱԿ-ի գաղափարական սկզբունքներուն ու արժէքներուն պահապան ողբացեալ ընկերը, որպէս ՌԱԿ Յորդանանի Շրջանային վարչութեան երկարամեայ ատենապետ, տասնամեակներ շարունակ նուիրումով ծառայած է կուսակցութեան, որուն ընդմէջէն ալ ազգային, միութենական եւ համայնքային բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է Յորդանանի մէջ։

Որպէս ՌԱԿի ներկայացուցիչ մաս կազմած է տարբեր միջ-համայնքային եւ ազգային մարմիններու: Ան ծանօթ եղած է իր ծառայասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ, իր ազնիւ նկարագրի եւ բարի համբաւի շնորհիւ մեծ յարգանք վայելած է:

Մեծ եւ անգնահատելի եղած է Ընկ. Ներսէս Ներսէսեանի դերը եւ աւանդը Յորդանանի հայ համայնքի կայացման, պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ: Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ Ընկ. Ներսէսեան 30 տարիներ շարունակ եղած է Ամմանի Ազգային տեղական խորհուրդի անդամ, Խորհուրդի եւ Ազգային հոգեւոր առաջնորդարանի ընդհանուր քարտուղար, Ազգային մարզական միութեան ատենապետ: Եղած է նաեւ Յորդանանի ընկերութիւններու միացեալ մարզական յանձնախումբերու վարչութեան անդամ:

Եղած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող  միացեալ յանձնախումբի ատենապետ:   

Նորոգ հանգուցեալ մեր ընկերը երկար տարիներ իր ծառայութիւնը ունեցած է նաեւ հայ գիրին ու մամուլին, տարբեր շրջաններու հանդէս գալով որպէս ԱՄՄ-ի հայերէն լեզուի դասընթացքներու դասատու եւ «Անդրադարձ» ամսաթերթի խմբագիր:

Ընկ. Ներսէս Ներսէսեան Հայրենիք-Սփիւռք կապերու զարգացման բերած նպաստի, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին  ներդրած աւանդի համար ՀՀ նախագահի հրամանագիրով պարգեւատրուած է Մխիթար Գօշ մետալով:

Ընկ. Ներսէսեանի անժամանակ հեռացումը մեծ կորուստ է ոչ միայն իր ընտանիքի անդամներուն, այլեւ կուսակցական շրջապատին եւ Յորդանանի հայ համայնքին համար: Անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ որպէս ազնիւ, կուսակցութեան գաղափարական հաւատամքին հաւատարիմ, նուիրեալ ընկեր:

Այս  տխուր  առիթով  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնէ  հանգուցեալի այրի՝ Ընկ. Հելէն Ներսէսեանին, զաւակներուն՝ Ընկ. Մարալին, Ընկ. Վարդանին եւ Ընկ. Վահրամին, հարազատներուն, բարեկամներուն, կուսակցական ու միութենական ընկերաներուն:

Հանգուցեալ ընկերոջ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ զինք ճանչնալու եւ իր մտերմութիւնը վայելելու բախտաւորութիւնը ունեցողներուն սիրտերուն մէջ։

Խունկ ու աղօթք անոր պայծառ յիշատակին:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր հոգիին:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն