Եղածը, առաջին հերթին, Սուրիոյ պետութեան հանդէպ միջազգային իրաւունքի ոտնահարում է. Յայտարարութիւն

2019-10-14
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ, Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական բանակի ձեռնարկած լայնածաւալ ռազմական, յարձակողական գործողութիւնները՝ Սուրիոյ եղբայրական պետութեան սահմանի ողջ երկայնքով։ 

 

Աւելին, մեծապէս հիասթափեցնող է այն փաստը, որ միջազգայնօրէն անօրինական ու ամբարտաւան Թուրքիոյ պատերազմական այս յանցագործ արարքը կ'իրականացուի Միջազգային հանրութեան անպատասխանատու եւ կրաւորական դիւանագիտական կեցուածքներուն ներքոյ:

 

Եղածը, առաջին հերթին, Սուրիոյ պետութեան հանդէպ միջազգային իրաւունքի ոտնահարում է, Սուրիական պետութեան տարածքային ամբողջականութեան բռնազաւթում, ինչպէս նաեւ սահմանային շրջաններու բնակիչներու՝ անպաշտպան արաբ ժողովուրդի, կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն դէմ ուղղուած եւ ծրագրուած յանցագործութիւն, արիւնահեղութեան, սպանդի, վայրագութիւններու եւ տեղահանումներու նոր հանգրուանի սկիզբ։ 

 

Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ նաեւ կը գիտակցինք, որ այս պատերազմական վիճակէն անպայմանօրէն պիտի տուժեն նաեւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցները, եւ հետեւաբար կը դիմենք ազգային մեր բոլոր կառոյցներուն, ՀՀ կառավարութեան, աւանդական կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, եկեղեցիին, որպէսզի իրողութեան լրջութիւնը համաչափ գնահատեն եւ ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, առաջին հերթին, կանխարգիլելու մարդկային կորուստի վտանգը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրելու տուժող ընտանիքներուն եւ համայնքին առ հասարակ։ Նաեւ կոչ կ'ուղղենք հայկական մամուլին եւ հասարակութեան, զերծ մնալու ապատեղեկատւութիւն տարածելու ապակողմնորոշող փորձէն։

 

Եզրափակելով, յիշեցման կարգով, ՌԱԿը համայն հայ ժողովուրդին զգաստութեան կոչ կ'ուղղէ, ընդգծելով, որ միջազգային դիւանագիտութեան շահադիտականութեան ու մամուլի կողմնակալութեան մթնոլորտին մէջ, հակառակ այսօրուան՝ ժողովուրդներու իրաւունքի պաշտպանութեան համաշխարհային թատերաբեմէն հնչած մարդկայնութեան եւ համակեցութեան ժամանակակից քարոզներուն, Թուրքիոյ ժառանգած օսմանեան նկարագիրը եւ ծաւալապաշտական հեռանկարները տակաւին առկայ են եւ կը սպառնան հայութեան, ինչպէս նաեւ հարեւան պետութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու խաղաղ կեանքին, բարեկեցութեան, զարգացումին եւ գոյութեան։

 

 

Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ