Երուսաղէմ. ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան իր յարկին տակ հիւրընկալեց ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը
ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեան, Երուսաղէմ այցի ծիրէն ներս, 28 Յուլիս, 2019-ին, հիւրընկալուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանի Երուսաղէմի հայոց թաղին մէջ գտնուող ընտանեկան յարկին տակ:
Հանդիպումը անցաւ շատ մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր զրուցակիցները երկու ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին, երկուստեք՝ շինիչ գաղափարներու փոխանակումով արծարծեցին հայութիւնը, ի մասնաւորի Երուսաղէմի հայ գաղութը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի մէջ տիրող վերջին քաղաքական զարգացումներուն մասին:
Ընկեր Անդրէասեանը յարգելի նախարարին ընդգծեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան դրական տրամադրութիւնները՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հանդէպ եւ՝ պատրաստակամութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելու հայրենիքի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն:
Պարոն նախարարը գնահատեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անցած ազգային քաղաքական հայրենանպաստ անշեղ ուղին եւ կարեւորեց անոր դերը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի ապագայի տեսլականի իրագործման մէջ:
Հանդիպումը վերջ գտաւ՝ իրարու յաջողութեան մաղթանքներ փոխանակելով։
Նշենք, որ Չորեքշաբթի՝ 31 Յուլիս 2019-ին, ՌԱԿի Հայ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ նախարար Պրն. Յարութիւնեանին հետ, ՌԱԿ Երուսաղէմի Շրջանային վարչութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան անդամներու մասնակցութեամբ: