Ընկ. Արա Ահարոնեանի այցելութիւնը Քարվաճառ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նոր Շահումեան շրջանի մարզպետ՝ Գագիկ Մարտիրոսեանի հրաւէրով, Երկուշաբթի 27 Մայիսին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Արա Ահարոնեան մեկնեցաւ Քարվաճառ։
1994-էն իվեր, Քարվաճառի լեռնային բարձունքը դարձած է հայաբնակ, Նոր Շահումեան մարզի գիւղաբնակչութեան որպէս վարչական կեդրոն ծառայելով։
Քարվաճառի մարզպետարանէն ներս ընկեր Ահարոնեան դիմաւորուեցաւ մարզպետ Մարտիրոսեանի եւ օգնական Պօղոս Մեղրեանի կողմէ։
Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին, ընկեր Ահարոնեան մօտէն ծանօթացաւ Նոր Շահումեանի շրջանէն ներս բնակութեան համար թափուած ճիգերուն։ Պէտք է ըսել, որ շրջանը աւելի այցելուներ ունեցած է Վարդենիս-Մարտակերտ նոր ճանապարհի բացումէն ետք, ուր այցելուները նաեւ առիթը կ՚ունենան այցելելու մօտակայ պատմական արժէք ունեցող Տատի վանքը։ Իսկ Քարվաճառի մէջ արդէն գոյութիւն ունի ամենօրեայ վարժարան եւ դարմանատուն մը, շրջանի 3,000 բնակչութեան համար, ինչպէս նաեւ նորոգման կարօտ գեղարուեստի կեդրոն մը։