Ընկ. Արա Ահարոնեանի անտիպ հատորին առթիւ. Հաղորդագրութիւն ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութեան

2021-07-21
Image

Ընկ. Արա Ահարոնեանի անակնկալ մահով ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային վարչութիւնս ստանձնեց մեր երախտաշատ պրպտող ընկերոջ երկար տարիներու աշխատանքի ամբողջացումն ու հրատարակութիւնը, մանաւանդ որ այս տարի կը լրանայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակը։

Շրջանային վարչութիւնս ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լոյսին բերելու այս հատորը՝ խմբագրութեամբ ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի, յուսալով որ ներկայացուած հրատարակութիւնը լաւագոյն յուշարձանը պիտի հանդիսանայ ի յիշատակ մեր վաղամեռիկ ընկերոջ։

Այս առիթով նախօրօք մեր խորին շնորհակալութիւնները պիտի ուզէինք յայտնել բոլոր նուիրատուներուն, որոնց շնորհիւ պիտի իրականանայ  սոյն հատորը։ Կը խնդրուի Ձեր սրտաբուխ տրազերծ նուիրատուութիւնները ղրկել Nor Or Charitable Foundation, 1901 N. Allen Ave., Altadena, 91001:

 

ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութիւն