Հալէպի Մէջ Նշուեցաւ Ռ.Ա.Կ․ 100-ամեակը

2022-12-19
Image

Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած եւ դար մը ամբողջ անսակարկ նուիրումով հայ ժողովուրդին ծառայած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, անցեալ տարի, բոլորեց իր հիմնադրման 100-ամեակը: Հայաստանի մէջ հանդիսաւոր եւ պետական մակարդակով նշելէ ետք 100ամեակը, Հալէպի մէջ, Շաբաթ 10 Դեկտեմբեր 2022-երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նազարեան սրահին մէջ , ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, ՀՀ հիւպատոսի, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հաւատաւոր ընկեր-ընկերուհիներու եւ համակիրներու պաշտօնապէս նշուեցաւ Ռ.Ա.Կ.ի 100ամեակը, կազմակերպութեամբ Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Տեղական վարչութեան:

1

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Ռ.Ա.Կ.ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վայրկեան մը յարգուեցաւ նահատակներու յիշատակը:

Բացման խօսքը, արաբերէն ներկայացուց Թ.Մ.Մ.ի Տեղական վարչութեան ատենապետ Բժիշկ Յարութիւն Նազարեան, իսկ հայերէնով՝ Ընկ. Շաղիկ Համալեան: Ապա, հրամցուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր: Արփի Գրտանեան ասմունքեց Ժագ Յակոբեանի «Խրախճանք» քերթուածը: Լարային քառեակը մասնակցութեամբ Դաւիթ Մելքոնեանի (ջութակ), Շահէ Աւագեանի (ջութակ), Սարգիս Աւագեանի (Վիոլա), եւ Սելլա Զաքարեանի (թաւ ջութակ) ներկաները հմայեցին իրենց բարձրորակ նուագով:

1

Ընկ. Եւգինէ Նազարեան կարդաց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորագիրը: Հալէպի մէջ մեծ ներդրում ունեցած հանգուցեալ ընկ. Լեւոն Պլըխեանի յիշատակին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը: Տարօն Գասպարեան ասմունքեց Միքայէլ Նալպանտեանի «Երգ Ազատութեան» քերթուածը: Օրուան հանդիսավար ընկ. Մելինէ Էքմէքճի կարդաց Հ.Յ.Դ.-ի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հայ Աւետարանական համայքի համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեանի շնորհաւորական գիրերը: Ռ.Ա.Կ.-ի մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, ելոյթ ունեցաւ մեներգիչ Աւօ Սերչեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ ընկ. Րաֆֆի Քէչէճեանի:

1
1

Օրուան բանախօս՝ Հալէպի Ռ.Ա.Կ.ի ատենապետ ընկ. Մեթր Կարապետ Շուշանեան, հակիրճ ներկայացուց կուսակցութեան անցած ուղին եւ ըսաւ.- «Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը ունեցաւ իմաստութիւնը դրսեւորելու ոչ թէ քաղաքական¸ այլ ազգայի՛ն մօտեցում՝ հայոց հայրենիքի վերաշինութեան եւ բարգաւաճման¸ սփիւռքահայ զանգուածները հայրենադարձութեան առաջնորդելու տեսակէտներէ։ ՌԱԿ-ի ներդրումը մեծ եղաւ սփիւռքի հայոց ոգեղէն ու մտաւոր յեղաշրջման մէջ՝ անտարբերութեան, վախի եւ հակա-Հայաստանեան հոգեվիճակէ՝ առաջնորդելով դէպի վստահութիւն, հաւատք եւ սէր մեր հայրենիքի նկատմամբ: Այնուհետեւ ՌԱԿ-ը ծնունդ տուաւ 1947-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որ շուտով տարածուեցաւ բազմաթիւ համայնքներու մէջ, որուն ջանքերով հայրենիք- սփիւռք մշակութային կապերը աւելի ամրապնդուեցան։»

1

Ապա, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի հիւպատոսը: Որմէ ետք կատարուեցաւ Գնահատագիրներու բաշխումը:

1

Հուսկ, Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանի դրուատական եւ խրախուսիչ խօսքերով յայտագիրը իր աւարտին հասաւ:

1

 

(Թղթակցութիւն)