Համախմբենք Մեր Ձայները Հայրենիքի Օգտին
Արցախի եւ Հայաստանի դէմ արդէն ճգնաժամային օրակարգ դարձած, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձարձակ եւ անմարդկային պատերազմի չարիքը անտարակոյս պէտք է ահազանգող ազգային կոչ դառնայ ողջ Սփիւռքին եւ ներգրաւէ սփիւռքեան ամբողջ ներոյժի գործօնը, վճռականօրէն օգտագործելով ընձեռուած բոլոր հնարաւորութիւնները։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ Սփիւռքի համայնքային հիմնական փոփոխութիւններէն մէկը պէտք ըլլայ՝ տարբեր գաղութներու մէջ ունեցած քաղաքական շրջանակներու ներըմբռնումը լաւագոյնս զարգացնելը՝ պետական ընտրութիւններու ընթացքին հայանպաստ թեկնածուներու ընտրութեամբ։
Գիտակցելով միջազգային յարաբերութիւններու փոփոխական բնոյթը, Սփիւռքը պարտի տեղական իշխանութիւններու ընտրութիւններուն մասնակցիլ համագաղութային մօտեցումով, սատարելով եւ ընտրելով յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի աւելի բարեացակամ եղող թեկնածուներ։
Այն թեկնածուները որոնք կառուցողական մօտեցում եւ ներգրաւուածութիւն ունին համահայկական հիմնախնդիրներուն հանդէպ, պէտք է հանդիսանան իւրաքանչիւր համայնքի ընտրեալը, եւ այդպիսով Սփիւռքը կը յաջողի իր հասարակական ներդրումը ունենալ՝ ձեռքբերելով միջազգային յենարան Հայաստանի եւ Արցախի համար:
Այս Համասփիւռքեան նպատակադրումը առաջնահերթութիւն է յատկապէս միջազգային յարաբերութիւններու գծով ազդեցիկ հեղինակութիւն ունեցող երկիրներու մէջ ապրող համայնքներուն համար, ուր հայութեան միասնական ձայնը որոշիչ կշիռ ունի եւ անկասկած հայ անհատի քուէն կրնայ միջպետական համագործակցութեան սկիզբ ըլլալ։
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն