ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը ընդունեց Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը
ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, 1 Յունիս, 2019-ին, ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամները` Ատենապետ Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ:
Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու անդամները ընտրութեան կապակցութեամբ, մաղթելով արգասաբեր գործունէութիւն:
Ազգային Ժողովի նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ իրենց առաջնահերթութիւններէն է սփիւքի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը, եւ այդ առումով, կարեւորեց ՌԱԿ-ի հետ համագործակցութեան սերտացումը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորանքին ու բարեմաղթանքներուն համար` ՌԱԿ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը շեշտեց Ազգային Ժողովի ստանձնած՝ ժողովուրդին ծառայելու եւ երկիրը շէնցնելու պատասխանատու առաքելութիւնը եւ բարձր գնահատեց ժողովրդավարութեան ամրապնդման, տնտեսութեան զարգացման եւ դատական ու ընտրական համակարգի բարեփոխումներուն ուղղուած քայլերը:
Այս առումով, կողմերը ընդգծեցին համագործակցութեան յետագայ խորացման կարեւորութիւնը եւ գործնական հանդիպում կազմակերպելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերին: