Հպարտութեամբ հանրութեան կը յանձնենք մշակոյթի այս կեդրոնը, որ պէտք է ծառայէ հոգեւոր երաժշտութեան. Ռաֆֆի Պալեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ ներկայ գտնուեցան Երեւանի մէջ, Եզնիկ Կողբացի 42/3 հասցէին վրայ, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանի բացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ երգչուհիին ծննդեան օրը` Յունիս 1-ին:
Տուն-թանգարանի ստեղծման աշխատանքներուն շատեր ներգրաւուած եղած են, որոնց շարքին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանը, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ Լուսանէ Զաքարեանի ամուսնոյն՝ Խորէն Պալեանի եղբօրորդին, եւ որուն ֆինանսաւորումով 2018-ին իրականացուած են տուն-թանգարանի վերանորոգման աշխատանքները:
Բացման արարողութեան խօսքով հանդէս գալով Ընկ. Ռաֆֆի Պալեան անդրադարձաւ տուն-թանգարանի բացման նախապատրաստական աշխատանքներուն, ան մասնաւորապէս նշեց. «Ասիկա մեծ իրադարձութիւն է ոչ միայն Պալեան ընտանիքի, այլեւ հայ ժողովուրդի համար: Հպարտութեամբ հանրութեան կը յանձնենք մշակոյթի այս կեդրոնը, որ պէտք է ծառայէ հոգեւոր երաժշտութեան: Այստեղ պէտք է հնչեն Զաքարեանի եւ Պալեանի անզուգական ձայները` մարդոց, որոնք կրցան հայ հոգեւոր, տոհմիկ, միջնադարեան երաժշտութիւնը հասցնել բարձր մակարդակի»:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ յառաջիկային նպատակ կայ տուն-թանգարանը դարձնել հայ հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոն։
Այս առթիւ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանին յղեց հետեւեալ շնորհաւորագիրը.-
Յարգարժան Պալեան եւ Զաքարեան ընտանիքի անդամներ,
Յարգելի Ընկ. Ռաֆֆի Պալեան,
Այսօր մենք ականատեսը կը դառնանք պատմական պահի մը:
Այսօր իրականութիւն կը դառնայ հայ հոգեւոր երգերու անզուգական մատուցող, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի եւ անոր ամուսինին՝ բանասէր, շարականագէտ, երգիչ Խորէն Պալեանի երկար տարիներու փայփայած երազը:
Այսօր անգամ մը եւս կը վերարժեւորուի անուանի երգչուհիին անմահացած վաստակը:
Եւ այս բոլորը ի տես՝ Երեւանի Եզնիկ Կողբացի 42/3 հասցէին վրայ՝ Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանի երկար սպասուած բացման:
Մեզի համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է յիշել, որ անզուգական Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանի գաղափարի իրականացման մէջ իր մեծ ներդրումը ունեցած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, մեր հաւատաւոր ընկեր Ռաֆֆի Պալեանը, ինչը սակայն բնաւ անսպասելի չէր:
Ազգային բարձր արժէքներ դաւանած եւ անոնց պահպանման գիտակցութեամբ սնուած Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանը այս իրագործումով դարձաւ արժանաւոր ժառանգը իր ընտանիքի, եւ անգամ մը եւս հպարտութիւն արթեց եւ արժանացաւ ոչ միայն իր կուսակից ընկերներուն, այլեւ ամբողջ հայութեան բարձր գնահատանքին եւ խոր յարգանքին:
Այսօր մենք բոլորս քիչ մը աւելի թեթեւցած խիղճով պիտի հեռանանք հոսկէ, հայ հոգեւոր երաժշտութեան աստուածուհի կնքուած Լուսինէ Զաքարեանի յիշատակը վերջապէս ըստ արժանուոյն գնահատուած եւ յարգուած ըլլալուն համար:
Այս առթիւ մեր ջերմագին շնորհաւորանքները կը յայտնենք Ընկ. Ռաֆֆի Պալեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս տուն-թանգարանը իրականութիւն դարձնելուն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻԻՆ