Ոչ եւս է Երուսաղէմի ՌԱԿ-ի նուիրեալներէն՝ Ընկ. Վարդան Գահգէճեանը

2022-01-15
Image

Երուսաղէմի մէջ, Չորեքշաբթի, 12 Յունուար, 2022-ին, իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Տեղեաց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԵՄ-ի ժրաջան անդամներէն ՝ Ընկ. Վարդան Գահգէճեանը։

Ընկ. Վարդան եղած է Հ.Ե.Մ.-ի վարչական անդամ եւ փոխ-ատենապետ: 2019-ին արժանացած է միութեան նուիրեալ անդամ տիտղոսին։

Ան որպէս ռամկավար, Հ.Ե.Մ.ական անդամ իր կատարած ծառայութեամբ մեծ վաստակ ունեցած է յատկապէս Երուսաղէմի ազգային եւ համայնքային կեանքին մէջ: Բարեխիղճ եւ ծառայասէր գործիչի իր բարի համբավով վայելած է իր ընկերական միջավայրի անկեղծ յարգանքը:

Ընկ. Գահգէճեանի նման անբասիր մարդոց հեռացումը մեր շրջապատէն ու կուսակցական կեանքէն ծանր կորուստ է բոլորիս համար: Անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ որպէս ազնիւ, կուսակցութեան գաղափարական հաւատամքին հաւատարիմ, նուիրեալ ընկեր:

Այս տխուր առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան անունով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի այրիին, զաւկին, հարազատներուն, բարեկամներուն, կուսակցական ու միութենական ընկերներուն:

Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր բարի հոգիին: