Ոչ եւս է Ընկ․ Տիգրան Քաջիկեան

2021-04-23
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով, կը գոյժէ մահը հաւատաւոր, երկարամեայ կուսակցական, ու շրջանակի ղեկավար անդամ, Ընկ․ ՏԻԳՐԱՆ ՔԱՋԻԿԵԱՆի, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի՝ Ապրիլ 12-ին, Աթէնքի մէջ։

Նորոգ հանգուցեալ մեր ընկերը տասնամեակներ շարունակ ունեցած է կուսակցական, միութենական եւ հասարակական բեղուն եւ նուիրեալ գործունէութիւն, ու իր ծառայասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ, իր ազնիւ նկարագրի եւ բարի համբաւի շնորհիւ մեծ յարգանք վայելած է յունահայ գաղութիս մէջ։ Իր մեկնումը անփոխարինելի բաց կը ստեղծէ արդէն նօսրացած մեր շրջանակին։

Ան ծնած է Նիքէա (Փիրէա) 1945-ին, Հայկ եւ Նազիկ Քաջիկեաններու ընտանիքէն ներս, ըլլալով երեցագոյնը՝ ընտանիքի երեք զաւակներուն։

Նախակրթական ուսումը Յունաստանի մէջ ստանալէ ետք, յաճախած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն, ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան մասնագիտանալով հոգեբանութեան մէջ։

Տիգրան Քաջիկեան համալրելով ՌԱԿի շարքերը Յունաստանի մէջ, միաժամանակ անդամակցած է Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ «Արարատ» Մշակութային մարզական միութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերելով գաղութիս ազգային-հասարակական կեանքէն ներս մասնաւորապէս որպէս երկարամեայ ատենապետ ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան։

1977-ին ընտանեկան բոյն կազմած է Սոնիա Ստամպօլեանի հետ եւ բախտաւորւած զոյգ զաւակներով՝ Հայկ եւ Ռօմինա:

Գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ հանգուցեալ ընկերոջ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ զինք ճանչնալու եւ իր մտերմութիւնը վայելելու բախտաւորութիւնը ունեցողներուն սիրտերուն մէջ։

Այս տխուր առիթով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Յունաստանի Շըրջանային Վարչութիւնը, իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի տիկնոջը՝ Սոնիաին, զաւակներուն՝ Հայկին եւ Ռօմինաին, եղբայրներուն՝ Եփրեմին եւ Գէորգին ու համայն հարազատներուն, բարեկամներուն եւ գաղափարի ընկերներուն։

Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին: Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր բարի հոգիին:

Հողը թեթեւ գայ` սիրելի՛ Ընկեր:

ՌԱԿ Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւն
Ատենադպիր՝ Խաչատուր Ադամեան
Ատենապետ՝ Գալուստ Ռուստեմեան