Ոչ եւս է լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ երէկ՝ 10 Օգոստոս 2021-ին, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ռամկավար Ազատական կուսակցական շարքայիններէն լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս։
Ան ծնած էր 1958 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ Շատ երիտասարդ տարիքէն ընդգրկուած էր հայկական մամուլի աշխատանքին։ Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս երիտասարդ տարիքին հաստատուած էր Փարիզ։ Երկար ժամանակ աշխատակցած էր ֆրանսահայ մամուլին։ 1990-ական թուականներու սկիզբին, երբ Հայաստան կը վերագտնէր իր անկախութիւնը, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս հաստատուած էր Երեւան։ Այս անգամ Հայաստանի լրատուամիջոցներուն աշխատակցիլ սկսած էր։ Որոշ ժամանակ Հայաստանի մէջ ապրելէ վերջ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս որոշած էր վերադառնալ Ֆրանսա։ Փարիզ վերահաստատուելէ վերջ, լրագրական գործունէութիւն ծաւալելու առընթեր, մասնակցութիւն բերած էր՝ տեղւոյն Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (CRDA) գործունէութեան։ Ֆրանսայի մէջ անցուցած տարիներէն վերջ, Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս որոշած էր վերադառնալ ծննդավայրը։ Վերահաստատուելով Պոլսոյ մէջ՝ ան այս անգամ սկսած էր աշխատակցիլ տեղական զանազան լրատուամիջոցներու՝ մասնաւորապէս առցանց հարթակներու վրայ։
Իսթանպուլի մէջ ապրած տարիներուն, մօտաւոր անցեալին, ընտրուած էր Կղզեաց փոխ-քաղաքապետ, նախկին քաղաքապետներէն Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլուի պաշտօնավարութեան շրջանին։ Վերջին տարիներուն որոշած էր վերստին հաստատուիլ Երեւան, ուր զանգուածային լրատուութեան միջոցներու բնագաւառէն ներս կը շարունակէր աշխոյժ աշխատանք տանիլ՝ մանաւանդ, որ բոլորովին վերջերս «Արմէնփրէս» պետական գործակալութեան նորահաստատ թրքերէն բաժնի խմբագրի պաշտօնն ալ ստանձնած էր։
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս վերջին օրերուն ունեցած է առողջական անակնկալ խնդիրներ։ Աղիքներու անհանգստութեան հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց։ Թէեւ բժիշկներու խնամքը միշտ շարունակուած է, սակայն Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի առողջութեան վերականգնումը հնարաւոր չէ եղած եւ ի վերջոյ վրայ հասած սրտի տագնապին հետեւանքով ան աչքերը փակած է կեանքին՝ ցաւ պատճառելով իր բարեկամական շրջանակին։
Այս առթիւ «Ռամկավար Մամուլ»ը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղէ հանգուցեալի հարազատներուն, բարեկամներու ու մասնաւորապէս ՌԱԿ-ի շարքերուն։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։