ՌԱԿ Երախտաւոր Ընկ. Տոքթ. Արթօ Փոլատեանի վերջին հրաժեշտը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի օր

2022-12-21
Image

Միացեալ Նահանգներու մէջ, 9 Դեկտեմբեր 2022-ին, իր մահկանացուն կնքեց տիպար կուսակցական եւ մաքրամաքուր հայ՝ Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեանի (ծնեալ՝ 1934-ին):

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի մէջ, Հինգշաբթի՝ 29 Դեկտեմբեր 2022-ին, ժամը 10:30-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504), ապա թաղման կարգը պիտի կատարուի Ֆորեսթ Լոն Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատան մէջ (Forest Lawn Memorial Park – Hollywood Hills, 6300 Forest Lawn Dr, Los Angeles, CA 90068)։

Հանգուցեալի ընտանիքի խնդրանքով, փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատւութիւնները կը խնդրուի կատծարել ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի Կլենտէյլի եկեղեցիին  կամ «Նոր Օր» բարեգործական հիմնադրամին:

***

Բազմակողմանի արժանիքներով օժտուած Ընկ. Տոքթ. Արթօ Փոլատեան ծնած է Գահիրէ, ուր եգիպտահայ երբեմնի ծաղկուն գաղութին մէջ անցուցած է իր կեանքի առաջին եռեսնամեակը, եւ կայացած իր մասնագիտութեան մէջ որպէս հմուտ դեղագէտ եւ դեղագործ: Աշխատած է Գահիրէ «Pfizer» Դեղագործական արդիւնաբերութեան ընկերութեան մէջ, միաժամանակ ունենալով իր անձնական դեղատունը: Դեղագործական յաջող ասպարէզ ծաւալելէ ետք, կենաքի պայմաններու բերումով, տեղափոխուած է ԱՄՆ (1968), ուր նոյն յաջողութեամբ եւ նոր  ձեռքբերումներ գրանցելով շարունակած է իր մասնագիտական աշխատանքը, ստացած է դոկտորական աստիճան (1970): 30 տարիէ աւելի աշխատած է «Kaiser» հիմանդրամի հիւանդանոցին մէջ, դեղագործութեան բաժինը, հասնելով մինչեւ տնօրէնի պաշտօնին:

Ընկեր Փոլատեան կեանքի ընկեր ընտրած է իրեն գաղափարակից Ընկ. Այտա Քիւփէլեանը, եւ ընտանեկան երջանիկ բոյն կազմած, բախտաւորուելով երկու զաւակով՝ Արթօ Կրտսեր եւ Թամար:

Մաքրամաքուր հայրենասիրութեամբ աչքի ինկած Ընկ. Փոլատեան անսակարկ նուիրումով աւելի քան վեց տասնամեակներ իր կեանքի առաքելութիւնը դարձուցած է Հայրենիքին, հայութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին լուռ եւ անմանցորդ ծառայելը: Ան իր ազգային-հասարակական հարուստ գործունէութեան ընթացքին ստանձնած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ Ռ.Ա.Կ.-ի եւ Թ.Մ.Մ.-ի շարքերէն ներս:

Որպէս Թէքէեան Մշակութային Միութեան գործօն անդամ, Դոկտ. Փոլատեան եղած է գանձապահը ԹՄՄ-ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանին՝ 20 տարիներ շարունակ:

Եղած է հիմնադիր անդամներէն մէկը՝ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, ծառայած է որպէս ծխական խորհուրդի անդամ, եղած է ատենապետ, ապա գանձապահ: Երկու շրջանի համար ծառայած է որպէս Թեմական խորհրդի անդամ:

Եղած է «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր խորհուրդի անդամ (2001):

1973-ին համալրած է ՌԱԿ-ի շարքերը: Եղած է Հոլիվուտի Էօժէն Բաբազեան ակումբի ատեբապետ եւ գանձապահ, տարբեր շրջաններու համար:

Ընկ. Փոլատեան մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Դատի հետապնդման գործին մէջ: Ան մասնակցած է Ռ.Ա.Կ.-ի Ամերիկայի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ձեւաւորման աշխատանքներուն, որուն գործունէութեան ծիրին մէջ հայանպաստ կարեւոր աշխատանքներ տարած է ամերիկեան տեղական մարմիններու եւ պետական թէ քաղաքական դէմքերու մօտ:

Մաս կազմած է Քալիֆորնիոյ սենատոր Ջեք Սքոթի պատուիրակութեան, այցելելով Հայաստան եւ Արցախ (2005):

Ընկ. Փոլատեան իր  մատուցած անգնահատելի ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է շարք մը շքանշաններով: Ստացած է գնահատանքի վկայականներ, գովասանագրեր՝ Թէքէեան Մշակութային Միութենէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն, Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմէն, Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայ Առաքելական եկեղեցիէն եւ այլն:

1996, իր եկեղեցասէր գործունէութեան համար Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ պարգեւատրուած է  «Սուրբ Ներսես Շնորհալի» բարձրագոյն շքանշանով:

ՌԱԿ 100-ամեակի առթիւ արժանացած է յուշանուէրի եւ «Բարձրագոյն Գնահատանք»ի, իր ազգանուէր ծառայութեանց եւ Կուսակցական բազմաբեղուն Վաստակին համար:

Անոր անունը միշտ վառ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ` որպէս նուիրեալ հայ եւ ազգային, կուսակցական գործիչ:

Առ այդ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համայն անդամութեան անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ կողակցին՝ Ընկերուհի Այտա Քիւփէլեան-Փոլատեանին, որդիին՝ Արթօ Կրտսերին, դստեր՝ ՌԱԿ Կեդր. Վարչն. անդամ Ընկերուհի Թամար Փոլատեան-Փերրոնին եւ փեսային՝ Ճոնին, թոռներուն եւ բոլոր հարազատներուն։ 

Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն