ՌԱԿ Երախտաւոր Ընկ. Տոքթ. Արթօ Փոլատեանի վերջին հրաժեշտը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի օր

2022-12-28
Image

Միացեալ Նահանգներու մէջ, 9 Դեկտեմբեր 2022-ին, իր մահկանացուն կնքեց տիպար կուսակցական եւ մաքրամաքուր հայ՝ Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեանի (ծնեալ՝ 1936-ին):

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենքի մէջ, Հինգշաբթի՝ 29 Դեկտեմբեր 2022-ին, ժամը 10:30-ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504), ապա թաղման կարգը պիտի կատարուի Ֆորեսթ Լոն Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատան մէջ (Forest Lawn Memorial Park – Hollywood Hills, 6300 Forest Lawn Dr, Los Angeles, CA 90068)։

Հանգուցեալի ընտանիքի խնդրանքով, փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատւութիւնները կը խնդրուի կատարել ԱՄՆ Հայոց Արեւմտեան թեմի Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շինութեան ֆոնտին կամ «Նոր Օր»ին։

***

Բազմակողմանի արժանիքներով օժտուած Ընկ. Տոքթ. Արթօ Փոլատեան ծնած է Գահիրէ, ուր եգիպտահայ երբեմնի ծաղկուն գաղութին մէջ անցուցած է իր կեանքի առաջին երեսնամեակը, եւ կայացած իր մասնագիտութեան մէջ որպէս հմուտ դեղագէտ եւ դեղագործ: Աշխատած է Գահիրէ «Pfizer» Դեղագործական արդիւնաբերութեան ընկերութեան մէջ, միաժամանակ ունենալով իր անձնական դեղատունը: Դեղագործական յաջող ասպարէզ ծաւալելէ ետք, կենաքի պայմաններու բերումով, տեղափոխուած է ԱՄՆ (1968), ուր նոյն յաջողութեամբ եւ նոր  ձեռքբերումներ գրանցելով շարունակած է իր մասնագիտական աշխատանքը, ստացած է դոկտորական աստիճան (1970): 30 տարիէ աւելի աշխատած է «Kaiser» հիմանդրամի հիւանդանոցին մէջ, դեղագործութեան բաժինը, հասնելով մինչեւ տնօրէնի պաշտօնին:

Ընկեր Փոլատեան կեանքի ընկեր ընտրած է իրեն գաղափարակից Ընկ. Այտա Քիւփէլեանը, եւ ընտանեկան երջանիկ բոյն կազմած, բախտաւորուելով երկու զաւակով՝ Արթօ Կրտսեր եւ Թամար:

Մաքրամաքուր հայրենասիրութեամբ աչքի ինկած Ընկ. Փոլատեան անսակարկ նուիրումով աւելի քան հինգ տասնամեակներ իր կեանքի առաքելութիւնը դարձուցած է Հայրենիքին, հայութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին լուռ եւ անմնացորդ ծառայելը: Ան իր ազգային-հասարակական հարուստ գործունէութեան ընթացքին ստանձնած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ Ռ.Ա.Կ.-ի եւ Թ.Մ.Մ.-ի շարքերէն ներս:

Որպէս Թէքէեան Մշակութային Միութեան գործօն անդամ, Դոկտ. Փոլատեան եղած է գանձապահը ԹՄՄ-ի Արշակ Տիգրանեան վարժարանին՝ 20 տարիներ շարունակ:

Եղած է հիմնադիր անդամներէն մէկը՝ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, ծառայած է որպէս ծխական խորհուրդի անդամ, եղած է ատենապետ, ապա գանձապահ: Երկու շրջանի համար ծառայած է որպէս Թեմական խորհրդի անդամ:

Եղած է «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր խորհուրդի անդամ (2001):

1973-ին համալրած է ՌԱԿ-ի շարքերը: Եղած է Հոլիվուտի Էօժէն Բաբազեան ակումբի ատեբապետ եւ գանձապահ, տարբեր շրջաններու համար:

Ընկ. Փոլատեան մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Դատի հետապնդման գործին մէջ: Ան մասնակցած է Ռ.Ա.Կ.-ի Ամերիկայի Հայ Իրաւանց Խորհուրդի ձեւաւորման աշխատանքներուն, որուն գործունէութեան ծիրին մէջ հայանպաստ կարեւոր աշխատանքներ տարած է ամերիկեան տեղական մարմիններու եւ պետական թէ քաղաքական դէմքերու մօտ:

Մաս կազմած է Քալիֆորնիոյ սենատոր Ջեք Սքոթի պատուիրակութեան, այցելելով Հայաստան եւ Արցախ (2005):

Ընկ. Փոլատեան իր  մատուցած անգնահատելի ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է շարք մը շքանշաններով: Ստացած է գնահատանքի վկայականներ, գովասանագրեր՝ Թէքէեան Մշակութային Միութենէն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն, Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմէն, Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայ Առաքելական եկեղեցիէն եւ այլն:

1996, իր եկեղեցասէր գործունէութեան համար Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ պարգեւատրուած է  «Սուրբ Ներսես Շնորհալի» բարձրագոյն շքանշանով:

ՌԱԿ 100-ամեակի առթիւ արժանացած է յուշանուէրի եւ «Բարձրագոյն Գնահատանք»ի, իր ազգանուէր ծառայութեանց եւ Կուսակցական բազմաբեղուն Վաստակին համար:

Անոր անունը միշտ վառ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ` որպէս նուիրեալ հայ եւ ազգային, կուսակցական գործիչ:

Առ այդ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համայն անդամութեան անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ կողակցին՝ Ընկերուհի Այտա Քիւփէլեան-Փոլատեանին, որդիին՝ Արթօ Կրտսերին, դստեր՝ ՌԱԿ Կեդր. Վարչն. անդամ Ընկերուհի Թամար Փոլատեան-Փերրոնին եւ փեսային՝ Ճոնին, թոռներուն եւ բոլոր հարազատներուն։ 

Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն

1