ՌԱԿ-Ը Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 28-րդ նիստին
Image
Այսօր, ՀՀ կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 28-րդ համատեղ նիստին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ներկայացուց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը:
Հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին, որպէս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ, ներկայ էր նաեւ Աւստրալիոյ ՌԱԿ Շրջանային վարչութեան ատենապետ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Հայկ Լեփեճեանը:
Խորհուրդի նիստը վարեց խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը:
Մինչ օրակարգի հարցերու քննարկմանն անցնիլը, Հանրապետութեան նախագահի առաջարկութեամբ ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հոգաբարձուներու խորհուրդի նախկին անդամ, անցեալ տարի կեանքէն հեռացած Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը։
Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը ներկայացուց 2018թ. կատարուած աշխատանքներու վերաբերեալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութեան հաշուետւութիւնը։