ՌԱԿ-ի Շնորհաւորական գիրը` Արցախի Հանրապետութեան ԱԽ Քարտուղար Սամուէլ Պապայեանին
Մայիս 30, 2020
ԱՀ ԱԽ Քարտուղար
Տիար Սամուէլ Պապայեանին
Յարգարժան Պրն. Պապայեան,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Ձեզ ԱՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարի բարձր պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ:
Այսօր Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան հարցերը ամբողջ հայութեան համար կը շարունակեն մնալ առաջնային հիմնախնդիրներ, ուստի Արցախի Հանրապետութեան համար այս կարեւոր փուլին մեծապէս ուրախալի եւ գնահատելի է ռազմական եւ պետական քաղաքական Ձեր նման փորձառու գործիչի նշանակումը այս յոյժ պատասխանատու պաշտօնին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը աջակցութեան իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ, համոզուած ըլլալով, որ գիտակից յանձնառութեամբ եւ ամբողջական ներուժով պիտի լծուիք Արցախի մէջ անվտանգային եւ պաշտպանական բարեփոխումներու իրականացման եւ անվտանգային մարտահրաւէրները դիմակայելու աշխատանքներուն:
Կը մաղթենք Ձեզ քաջառողջութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ Ձեր առաքելութեան մէջ՝ յանուն հայ ժողովուրդի եւ Արցախի անվտանգութեան:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ