Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահին
Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2020-ին, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, ընկերակցութեամբ Ընկ.Վազգէն Ժամկոչեանի եւ Ընկ.Ժոզէֆ Կրպոյեանի այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր.Մկրտիչ Գարակէօզեանին, Միութեան Էշրեֆիէի գրասենեակին մէջ:
Պատուիրակութիւնը վերապատուելիին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները եւ անվերապահ կեցուածքը օժանդակելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք ազդուեցան վերջերս Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը հարուածած աղէտին պատճառով: Տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի գործունէութեան մասին: Կողմերը շեշտեցին լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի ան կարենայ դիմանալ այս դժուար պայմաններուն:
Վերապատուելի Գարակէօզեան իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին: Ան կարեւոր համարեց ձեռք-ձեռքի տալով ոտքի կանգնելու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օժանդակելու գործը, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար իրենց:
Շուրջ ժամ մը տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար: