ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան այցելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին

2019-07-30
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան, Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ին, այցելութիւն մը տուած է Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ :

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս կուսակցութեան առնչուած հարցերուն մասին: 

Ընկ. Տոքթ. Տաքէսեան, յանուն կեդրոնական վարչութեան, Նորին Սրբութեան պարզեց կուսակցութեան վերջին ընդհանուր ժողովին առած որոշումները, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնները: