ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ
ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, 30 Մայիս, 2019ին, Կառավարութենէն ներս ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամները` ատենապետ Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ:
Վարչապետը շնորհաւորեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետն ու վաչութեան միւս անդամները ընտրութեան կապակցութեամբ, մաղթելով ապագայ ծրագիրներու բարեյաջող ընթացք եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Հանդիպման ժամանակ Փաշինեան անդրադարձաւ վերջին օրերու զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ կը կատարուին լուրջ փոփոխութիւններ եւ այժմ իր գլխաւորած կառավարութեան քայլերը ուղղուած են երկրին մէջ տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնելուն, տնտեսվարողներու համար անհրաժեշտ բարենպաստ, հաւասար պայմաններու ստեղծման եւ գործարար միջավայրն առաւել գրաւիչ դարձնելուն:
ՌԱԿ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը իր հերթին ողջունեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները, նշելով, որ համաժողովրդական յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդող օրերուն ՌԱԿ շրջանակները մեծ ոգեւորութեամբ կը հետեւէին տեղի ունեցած բարեփոխումներուն, եւ այժմ ալ շատ խանդավառ են եւ գովելի կը գտնեն երկրին մէջ համակարգային կաշառակերութեան եւ տնտեսական մենաշնորհներու վերացման ուղղուած ջանքերը եւ արդէն իսկ ձեռքբերուած յաջողութիւնները:
Ընկ. Խարապեան այս առումով նաեւ յոյս յայտնեց, որ արդարադատութեան համակարգէն ներս նախաձեռնուած բարեփոխումներու ճիգերը եւս շուտով իրենց բաղձալի լուծման կը յանգին եւ անցեալ շրջանին տեղի ունեցած անիրաւութիւնները կ'ուղղուին, վերականգնելով արդարութիւնն ու իրաւունքի գերակայութիւնը:
ՌԱԿ ներկայացուցիչները իրենց անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեցին Նիկոլ Փաշինեանին ու ՀՀ կառավարութեան՝ իրաւական պետութեան կառուցման եւ ժողովրդավարական ու տնտեսական բարեփոխումներու իրականացման գործին մէջ:
Կողմերը պայմանաւորուեցան յառաջիկային դարձեալ հանդիպիլ՝ գործնական ծրագիրներու շուրջ միտքերու փոխանակման եւ հայրենիքի զարգացման գործին սփիւռքահայութեան ներուժի ներգրաւման ուղիներու ճշդման համար: