ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը ներկայ եղած է ՀՀ Փոխ վարչապետ Տիգրան Աւինեանի մասնակցութեամբ ՄԱԿ-ի նախաձեռնած խորհրդաժողովին
Յուլիս 15-ին, ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջածիրէն ներս, ՄԱԿ Նիւ Եորքի կեդրոնատեղին մէջ, կազմակերպած էր «Կլիմայական փոփոխութիւնները հաշուի առնող տնտեսութեան ուղղուած ներդրումներ. Ջերմուժի կայուն զարգացման նպատակ N13» խորագրով միջոցառում։ Միջոցառումը, որուն հիմնական բանախօսը ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանն էր, կազմակերպուած էր Նիւ Եորքի մէջ ընթացող Կայուն զարգացման հարցերով բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումի շրջագիծէն ներս։
Նշենք, որ միջոցառման իր ներկայութիւնը բերած է ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմած են ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեան, Ընկ. Յարութիւն Տիրացուեան եւ Ընկերուհիներ ՝ Սեդա Գանթարճեանն ու Շողիկ Չալեան-Դարփինեան:
Հանդիպման բացման խօսքով ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ ՝Մհեր Մարգարեանը: Որպէս բանախօսներ հանդէս եկած են նաեւ ՄԱԿ Գլխաւոր քարտուղարի փոխտեղակալ, ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի կառավարիչի տեղակալ Միրճանա Սփոլարիչ Իկըրը, Եւրասիական Տնտեսական յանձնաժողովի գործընկերութեան անդամ, նախարար Թաթիանա Վալովաիա, Պելառուսիոյ ԱԳՆ բազմակողմ դիւանագիտութեան վարչութեան գլխաւոր տնօրէն Լարիսա Պելսքաիան, ՄԱԿ-ի մօտ Ղազախստանի մշտական ներկայացուցիչ Քայրաթ Ումարովը, Ղրղըզստանի մշտական ներկայացուցիչ Միրկուլ Մոլտոիսաեւա, ՌԴ մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Տմիթրի Չումաքով եւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի մշտական ներկայացուցիչ ՝Տիմիթրի Մարիասինը։
ՀՀ Փոխվարչապետ Աւինեանը իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ջերմուժի հատուածին մէջ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն՝ նշելով, որ Հայաստանը ջերմուժի արդիւնաւէտութեան հարցով շօշափելի գործնական փորձ ձեռք բերած է՝ գործարկելով նոր արհեստագիտութիւններ եւ նախաձեռնելով նոր ազգային ծրագիրներ։ Ընդգծելով ջերմուժի արդիւնաւէտութեան կենսական նշանակութիւնը Հայաստանի համար՝ ջերմուժի անվտանգութեան ապահովման սպառնալիքներուն դիմակայելու, տնտեսական աճ արձանագրելու եւ Փարիզեան համաձայնագրի իր յանձնառութիւնները կատարելու առընթեր , փոխվարչապետ Աւինեանը ներկայացուցած է Հայաստանի ձեռքբերումները այդ ուղղութեամբ։
Քննարկման աւարտին բանախօսները պատասխանած են միջոցառման ներկայ ՄԱԿ անդամ երկիրներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներու հարցերուն։