Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Յանուն Հանրապետութեան կուսակցութեան պատուիրակութիւններու հանդիպում՝ Երեւանի մէջ

2022-07-04
Image

27 Յունիսի 2022-ին, Յանուն Հանրապետութեան Կուսակցութեան Քաղաքական Խորհուրդի պատուիրակութիւնը կուսակցութեան նախագահ Արման Պապաճանեանի գլխաւորութեամբ՝ կուսակցութեան գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) պատուիրակութիւնը՝ ատենապետ՝ Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ, որ կը գտնուէր Երեւան՝ ՌԱԿ-ի մէկդարեայ յոբելեանին նուիրուած տօնակատարութիւններուն մասնակցութեան առիթով։

Անկեղծ, ջերմ եւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքական օրակարգերու կարեւորագոյն հարցերուն վերաբերեալ արժէքային համախոհութեան մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հարցերու լայն շրջանակ, որ կը վերաբերի մեր պետութեան կայունութեան եւ ներքին անվտանգութեան, քաղաքացիներու ժողովրդավարական ազատութիւններուն եւ իրաւունքներուն, ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ յետպատերազմական վերականգնման ընթացքին։ Մանրամասն անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի գոյաբանական մարտահրաւէրներուն, քննարկում ծաւալեցաւ անոնց յաղթահարման ուղիներու վերաբերեալ։

Առանձնայատուկ շեշտուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք՝ նոր որակի յարաբերութիւններու հրամայականը, կարեւորելով Սփիւռքի ահռելի փորձի եւ ներուժի՝ Հայրենիքի մէջ հասարակական-քաղաքական հիմնարկներու արդիականացման եւ կայացման գործին մէջ ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ ատենապետին յանձնուեցաւ կուսակցութեան հարիւրամեայ յոբելեանի առթիւ Յանուն Հանրապետոութեան Կուսակցութեան պաշտօնական շնորհաւորական ուղերձի բնօրինակը, ձեռք բերուեցան պայմանաւորուածութիւններ հետագայ գործնական համագործակցութեան, ռազմավարական նշանակութեան հարցերու շուրջ դիրքորոոշումներու ներդաշնակեցմանն ուղղուած քաղաքական խորհրդակցութիւններու պարբերականութեան, փոխադարձ այցերու վերաբերեալ։