Սրտագին Կոչ Հայ Ժողովուրդին` Հասնինք Լիբանանի Աղէտահար Ժողովուրդին. ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

2020-08-12
Image

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020-ին Լիբանանի Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ, մահասփիւռ պայթումներու հետեւանքով, մօտ 200-է աւելի հոգի մահացան, 5000-է աւելի վիրաւորուեցան եւ հիւանդանոց փոխադրուեցան եւ 300,000 հոգի անտուն եւ աներդիք մնացին, բազմաթիւ բնակարաններ, շէնքեր, գործատեղիներ եւ շուկաներ հիմնայատակ գետնի հաւասար եղան։

Լիբանանի ազնիւ ժողովուրդը արդէն վերջին տարիներուն կը տուայտէր քաղաքական, տնտեսական եւ պսակաձեւ ժահրի թոհուբոհին մէջ, իսկ այս պայթումը դղրդացուց եւ քանդեց Պէյրութի կարեւոր մէկ մասը, եւ հայ համայնքի դպրոցներու, եկեղեցիներու, կեդրոններու, թերթերու եւ գործատեղիներու մեծ վնաս հասցնելով։

Լիբանանի հայ համայնքը ոչ միայն սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտն է, այլ այս գաղութը 100 տարի շարունակ, իր անփոխարինելի նպաստը բերած է Լիբանանի իր հայրենիքին տնտեսական, մշակութային եւ հասարակական կեանքին։

«Մարմնի անդամի ցաւը ողջ մարմինին ցաւ կը պատճառէ»։

Հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր հայերս խորունկ ցաւով համակուած ենք այս ահաւոր երկրակործան պայթումներուն հետեւանքներուն առիթով։

Հայը իր ողջ պատմութեան ընթացքին բազմաթիւ աղէտներ տեսած է, բայց իր զաւակներու կամքով, յոյսով եւ հաւատքով կրցած է դիմագրաւել զանոնք, միշտ օգնութեան ձեռք երկարելով աղէտահար գաղութներու, կամ հայրենիքի եւ Արցախի ժողովուրդին։

Արդ, սիրելի հայրենակիցներ,

Մեր  սրտագին կոչն է Ձեզի, որ Ձեր հայավայել նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը հասցնէք Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, Ձեր սրտերուն հետ նաեւ լայն բանալով Ձեր գրպանները, օգնելու համար սարսափելի, դժուար եւ ցաւալի օրերու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն եւ Լիբանանի ազնուական ժողովուրդին։

Ձեր նուիրատուութիւնները կարելի է ղրկել

www.hyeaidlebanon.org

Կամ՝ http://www.facebook.com / hyeaidlebanon

Կամ հեռաձայնել (818)660-5453 թիւին

 

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

Ալթատենա 8-7-2020