Վարչապետ Փաշինեան ընդունեց ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի պատուիրակութիւնը. ՌԱԿ-ի ընկերներ վերահաստատեցին իրենց նեցուկը Հայաստանի կառավարութեան

2019-09-23
Image

ԱՄՆ աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպած է Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար կազմի հետ՝ կուսակցութեան ատենապետ դոկտոր Ռաֆֆի Պալեանի գլխաւորութեամբ։

Ողջունելով Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Ամերիկայի Արեւմտեան ափի ղեկավար կազմի ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի վարչապետը նշած է. «Յարգելի գործընկերներ, յարգելի պարոն Պալեան, շատ ուրախ եմ այսօրուայ հանդիպման համար։ Սա շատ լաւ առիթ է՝ Լոս Անճելոսի մէջ  հանդիպիլ, քննարկել։ Ի հարկէ, այսօր մենք հանդիպելու, քննարկելու քանի մը առիթներ կ'ունենանք։ Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր կազմակերպութեան դերը ընդհանրապէս  հայապահպանման գործին՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս, եւ անոր տարածքէն դուրս։

Մեր միւս գործընկերներու հետ հանդիպման ժամանակ նոյնպէս այդ շեշտադրումը կ'ընենք: Մեր կառավարութեան կարեւորագոյն խնդիրներէն է՝ այն դրական ֆոնը, որ առկայ է Հայաստանի կառավարութեան եւ Սփիւռքի միջեւ, ոչ միայն պահպանել եւ զարգացնել, այլեւ այն դարձնել մշտական եւ աւանդոյթ Հայաստանի բոլոր կառավարութիւններու համար: Այսօրուան մեր իրավիճակին մէջ մեր խնդիրն է կեդրոնացնել, կրկնապատկել, եռապատկել յաջողութիւնները եւ այն ազգային, համազգային արդիւնքի վերածել: Ատոր համար շատ կարեւոր է Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ ճիշդ մթնոլորտ կառուցելը, ճիշդ աշխատանքային մեխանիզմներ ստեղծելը, եւ, ամենակարեւորը, ընել այնպէս, որ ամբողջ Սփիւռքը իրեն զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան լիարժէք շահառու։ Սա մեր խնդիրն է, որ մենք յոյս ունինք լուծել ինչպէս ձեր, այնպէս ալ Սփիւռքի մեր միւս կառոյցներու եւ կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ»։

Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ատենապետ Րաֆֆի Պալեանը ողջունեց Հայաստանի վարչապետը՝ նշելով. «Մեծարգոյ պարոն վարչապետ, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ղեկավարութեան անունով կը ցանկանք Ձեզ բարի գալուստ մաղթել Լոս Անճելոս քաղաք եւ շնորհաւորել Անկախութեան տօնի 28-րդ տարեդարձի առթիւ։ Մենք շնորհակալ ենք այս առիթի համար։ Մեր կուսակցութիւնը, որ հարիւրամեայ հայ աւանդական կուսակցութիւն է, իր գործունէութիւնը  կ'իրականացնէ Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին՝ յատկապէս Ֆրէզնօ եւ Լոս Անճելոս քաղաքներուն մէջ։ Այդ հայրենանուէր գործունէութիւնը կը շարունակենք նաեւ այսօր, եւ մենք միշտ զօրավիգ ենք մայր հայրենիքին»։ Կուսակցութեան ղեկավար կազմի անդամները նշած են, որ զօրավիգ են Հայաստանի վարչապետին եւ կ'աջակցին կառավարութեան կողմէ իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներուն, որոնք ուղղուած են Հայաստանի առաջընթացին եւ բարգաւաճման:

Հանդիպման քննարկուած են Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման, Հայաստանի զարգացման, իրականացուող գործընթացներուն մէջ Սփիւռքի լիարժէք ներգրաւման վերաբերող հարցեր։