Լիլիան Քէշիշեանը ընտրուած է Ուրուկուէյի Սենաթի անդամ

2019-10-30
Image

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեաննախարար Լիլիան Քէշիշեանը ընտրուած է Սենաթի անդամ։ «Ձախակողմեան լայն ճակատ» կուսակցութեան անդամ 67-ամեայ Քէշիշեանը առաջին ուրուկուայահայն է, որ ընտրուած է օրէնսդիր իշխանութեան վերին պալատին մէջ։

«Ազատութեան» հետ հարցազրոյցի ժամանակ Քէշիշեանը յայտնած է, որ Սենաթին մէջ ալ պատրաստ է օգտակար դառնալ բարդ տարածաշրջանի մէջ գտնուող Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին։ Լիլիան Քէշիշեանը երկու անգամ այցելած է Հայաստան։