«Դուք այս երիտասարդութեան հանդէպ մեղաւոր պէտք է զգաք». Ընկ. Յակոբ Մարտիրոսեան՝ ՀԲԸՄի Մանուկեան Վարժարանի փակման մասին
Միացեալ Նահագներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ գործող ՀԲԸՄ «Թամար եւ Վաչէ Մանուկեան» վարժարանը այս տարեվերջին պիտի փակէ իր դռները։ Այս մասին կը տեղեկանանք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութենէն։
Նշեալ հաղորդագրութեան մէջ, Բարեգործականը յայտնելով վարժարանին փակման մասին որոշումը նաեւ նկատել կու տայ, որ նիւթական անբաւարար վիճակի պատճառով դպրոցը պիտի միացուի Լոս Անճելըսի մէջ գործող «Մանուկեան- Տէմիրճեան» վարժարանին։
Վարժարանի փակման լուրը արագօրէն տարածուած է համայնքէն ներս, բողոքի ալիք ստեղծելով, ոչ միայն ՀԲԸՄ-ի, այլ նաեւ համայնքի ամենատարբեր շրջանակներուն մօտ։
Այս մասին ֆէյսպուքեան գրառմամբ մը իր մտահոգութիւնը յայտանծ է նաեւ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ի փոխ խմբագիր Ընկ. Յակոբ Մարտիրոսեանը, զարթնումի կոչ ընելով այս որոշման պատասխանատուներուն:
Ան մասնաւորապէս գրած է. «Այս տղաքն ու աղջիկները ուր պիտի մնան պրն. Մանուկեան:
Հայ վարժարանի մը նուիրատւութինը պիզնէս չէ. այսօր դարերէ ի վեր հայ վարժարանները գոյատեւած են նուիրատուներու շնորհիւ. վարժարան մը փակելը փոխանցիկ հիւանդութեան վերածուած է այսօր. արդեօք դուք եւս վարակուեցաք. գոնէ ձեր հօր եւ մանաւանդ ձեր մեծ հօր յիշատակը յարգեցէք.
դուք այս երիտասարդութեան հանդէպ մեղաւոր պէտք է զգաք, ձեր այս արարքով զիրենք ձուլումի ճանապարհ մղած պիտի ըլլաք: Թող զարթնի ձեր հոգիին հայու զգացումը, քանի ուշ չէ»: