«Ի գործ» 2022 ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է

2022-05-04
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործոց գրասենեակի «Ի գործ» 2022 ծրագրին դիմելու վերջնաժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ մայիս 10-ը:

Ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն առիթ կու տայ մէկ տարի աշխատելու Հայաստանի պետական կառավարման աւելի քան 20 մարմիններու մէջ: Ծրագրին կրնան դիմել այն մասնագէտները, որոնք ունին պսակաւոր արուեստից աստիճան եւ առնուազն 5 տարուայ աշխատանքային փորձ, կամ մագիստրոսական աստիճան (կամ աւելի բարձր) եւ 3 տարուայ մասնագիտական աշխատանքային փորձ: Յայտադիմումները կ’ընդունուին հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերէնով:

Յայտադիմումներու դիտարկումէն եւ հարցազրոյցներէն ետք սփիւռքահայ մասնագէտները այս տարուայ սեպտեմբեր 1-ին մէկ տարի ժամկէտով աշխատանքի պիտի անցնին համապատասխան գերատեսչութիւններուն մէջ:

Այս ծրագիրը սփիւռքահայ մասնագէտներուն համար բացառիկ առիթ մըն է  ներդրում ունենալու  Հայաստանի պետականաշինութեան գործին մէջ եւ իրենց փորձն ու գիտելիքները բերելու պետական կառավարման ոլորտ: Ծրագրին ծիրէն ներս արդէն իսկ աւելի քան 100 սփիւռքահայ մասնագէտներ աշխատանքի անցած են Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 25 գերատեսչութիւններու մէջ:

«Ի գործ»-ը դրամամիջոցներ կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։ Ընտրուած մասնակիցներուն կը տրամադրուի օդանաւի երթուդարձի տոմս, կեցութեան նպաստ` ամսական 336.000 ՀՀ դրամ՝ ծրագրին ընթացքին, առողջութեան ապահովագրութիւն եւ մէկ տարուան կացութեան կարգավիճակի տրամադրման վճարը:

Հարցումներու պարագային կարելի է կապ հաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործոց գրասենեակին հետ՝  «[email protected]» ելեկտրոնային հասցէով:

Գրասենեակը բաղկացած է տարբեր ստորաբաժանումներէ, որոնց մէջ ներգրաւուած են սփիւռքի հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ:

Ընթացիկ գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար պէտք է այցելել գրասենեակին կայքը՝ «http://diaspora.gov.am/hy»  կամ գրել «[email protected]» ելեկտրոնային հասցէով։