«Չէք կրնար մեզ ջնջել». Շերի եւ Էրիք Իսրայէլեանի Արցախի արգելափակման մասին յօդուածը՝ «Newsweek»ի մէջ

2023-01-26
Image

Աշխարհահռչակ երգչուհի Շերը եւ անուանի ամերիկահայ բժիշկ, Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող հոլիվուտեան «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող, բարերար Էրիք Իսրայէլեանը յօդուած հրապարկած են ամերիկեան «Newsweek» պարբերականին մէջ՝ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելով մարդասիրական ճգնաժամի վրայ, որ հասունացած է Արցախի մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը արգելափակելու հետեւանքով։

«Չէք կրնար ջնջել մեզ» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ հեղինակները նշած են, որ ատրպէյճանական գործողութիւններու հետեւանքով այս պահուն Արցախի մէջ 120 հազար մարդու կեանք սպառնալիքի տակ է, եւ աշխարհը պարտաւոր է ուշադրութիւն դարձնել ստեղծուած իրավիճակին ու փրկել կեանքեր։ «Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ ատրպէյճանական բարբարոս արգելափակումը զրկած է սնունդի ու կեանքի համար կարեւոր միջոցներու մատակարարման հնարաւորութենէն։ Էթնիկ զտման այս քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակոյթը ջնջելու նենգ փորձերը պարզապէս բարբարոսական են»,- գրած են անոնք։

Շերն ու Էրիք Իսրայէլեանը պատմած են «Քորոնա» ժահրի համավարակի ամենաթէժ ընթացքին՝ 2020 թուականին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած յարձակման մասին, որուն բացայայտ աջակցութիւն կը ցուցաբերէր Թուրքիան՝ մարտի դաշտ բերելով օտարերկրացի վարձկաններ։

«Ռազմագերիները բռնութեան ենթարկուած են կամ սպաննուած են: Կրօնական վայրերը պղծուած եւ ոչնչացուած են, իսկ Ատրպէյճանի գողապետական ղեկավարութիւնը խրախուսած եւ ողջունած է այդ բռնութիւնները: Հայերու նկատմամբ ատելութիւնը կը տարածուին պետութեան կողմէ հովանաւորուող լրատուականներու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, անգամ Ատրպէյճանի մէջ պաշտօնապէս կը սորվեցնեն երեխաներուն»,- նշած են հեղինակներն ու արձանագրած, որ միջազգային հանրութեան ամենաթողութեան պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանը կը շարունակեէ նմանօրինակ գործողութիւններն ու արդէն խորանալու Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ:

Անոնք ուշադրութիւն հրաւիրած են Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ոտնահարումներու վրայ։ «Արցախն ու Հայաստանը՝ տարածաշրջանի բացառիկ ժողովրդավարութիւնները, չեն կրնար զոհաբերուիլ յանուն որեւէ մէկու քաղաքական նպատակայարմարութեան»,- նշած են Շերն ու Իսրայէլեանը։ Անոնք համոզուած են, որ որպէս աշխարհի մէջ հեղինակութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցող անձինքն իրենք պէտք է կիրառեն իրենց ներուժը եւ հնարաւորութիւնները՝ ամենաբարձր մակարդակներով պատմելու այս պատմութիւնը։

«Երկար մտածեցէք՝ փաստերու վրայ աչք փակելէ առաջ, նպատակ ունենալով աջակցիլ նիւթապէս գրաւիչ բռնապետներուն՝ անտեսելով միւսները։ Մենք պիտի շարունակենք բաժնեկցիլ մեր պատմութիւններով՝ օգնելու մեր հայրենիքի մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ տրամադրելով աջակցութիւն՝ պաշտպանելու սրբավայրերը։ Իր հերթին, մենք կը խնդրենք Միացեալ Նահանգներու մեր քաղաքական առաջնորդներէն եւ աշխարհի բոլոր այն մարդոցմէ, որոնց համար կարեւոր են արդարութիւնն ու արժանապատւութիւնը, պոյքոթել եւ պատժամիջոցներ կիրառել այս մարդասպան ռեժիմներու դէմ, դադրեցնել գումարի չդադրող հոսքը՝ անոնց եւ կիրառել աւելի հետեւողական չափորոշիչներ այն ժամանակ, երբ խօսքը մարդու իրաւունքներու մասին է»,- եզրափակած են Շերն ու Էրիք Իսրայէլեանը։