Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ամենամեայ պատարագը մատուցուած է
Ախթամարի Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ 5 Սեպտեմբերին մատուցուած է Սուրբ Պատարագ։
Սուրբ Խաչ տաճարի վերաբացումէն ետք արարողութիւնը դարձած է աւանդութիւն եւ ամէն տարի Պոլսոյ Միաբանութեան անդամներէն բաղկացած պատուիրակութիւն մը կը ժամանէ Վան նշելու համար Ախթամարի վերականգուած եկեղեցւոյ տօնը։
Այս տարի Պոլսէն եկած պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Տ. Թաթուլ ծ.վրդ. Անուշեան, իր հետ ունենալով խումբ մը ուխտակից միաբաններ։
Պայմաններու բերումով այս տարի եւս հաւատացեալներու թիւը եղած է սակաւ, իսկ միակ հայ հաւատացեալը (Պոլսէն հասած շքախումբէն բացի) եղած է Վանի միակ հայ բնակիչ ՝ Գայիանէ Գէորգեանը։
Գէորգեան, որ տեսանիւթով մը իր զգացումները արտայայտած է ըսած է, որ «շատ ուրախ եմ հայկական աղօթք լսելուս համար ու ամբողջ աշխարհին խաղաղութիւն կը մաղթեմ»։
Այս խորհրդանշական արարողութիւնէն Սահակ Բ. Պատրիարքի բացակայութեան մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր, սակայն յայտնի է, որ վիրաբուժական գործողութիւն անցուցած ու ապա արարողութեան համար Մալաթիա մեկնած Պատրիարքը կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը։