Ամերիկայի մէջ հայերը բողոքի ցոյց կատարած են «BGR Group» ընկերութեան դիմաց՝ պահանջելով խզել կապերը Ատրպէյճանի հետ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ հայերը բողոքի ցոյց կատարած են «BGR Group» ընկերութեան դիմաց՝ պահանջելով խզել կապերը Ատրպէյճանի հետ, բողոքելով Արցախի մէջ Ադրբեջանի պատերազմական հանցագործութիւնները կոծկելու համար:
Ցուցարարները պահանջած են դադարեցնել կոծկել նաւթով հարստացած բռնապետութեան ռազմական յանցագործութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ խաղաղ բնակիչներու դէմ:
Հաւաքուածները պաստառներ բարձրացուցած են, որոնց վրայ գրուած եղած են՝ «BGR-ը կը ֆինանսաւորէ պատերազմական յանցագործութիւնները», «Կանգնեցուցէք Ալիեւի ռեժիմին», ծածանած են Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները:
«BGR Group»-ը Ուաշինկթընի մէջ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանը՝ հայ քաղաքացիական անձանց նկատմամբ Ալիեւի ռազմական յանցագործութիւնները կոծկելու նպատակով տարածելով կեղծիքներ: