Ամմանի Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը այցելած է գաղութի հոգեւոր առաջնորդ՝ Տէր Աւետիս Ծր. Վրդ. Իփրաճեանին
Ամմանի մէջ գործող Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչական կազմը, Չորեքշաբթի՝ 22 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, ջերմ այցելութիւն տուաւ Գաղութի հոգեւոր առաջնորդ՝ Տէր Աւետիս Ծր. Վրդ. Իփրաճեանի նորակազմ, վայելուչ եւ շքեղ ընդունարանը:
Այցելութեան նպատակն էր փոխանցել Միութեան ողջ անդամներու լաւագոյն մաղթանքներն ու ցանկութիւնները Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն բարեբաստիկ առիթներով:
Այցելութեան ընթացքին, փոխադարձ կարծիքներ եւ միտքեր փոխանցուեցան հայապահպանման սրբազան նպատակները հիմնական եւ առաջնահերթ դարձնելու նկատառումներով, եւ ի մասնաւորի Ազգային Վարժարանիս շօշափելի յառաջխաղացք եւ գործօն ընթացք տալու առնչութիւններով:
Հոգեշ. հայրը, իր հերթին, մաղթեց, որ համագաղութային միութենական բեղուն գործունէութիւն մշակուի երկրէս ներս, որպէսզի մեր ազգային նկարագիրը իր վառ երանգներով շարունակ բացայայտուի ողջ Յորդանանի մէջ:
Վահան Թէքէեան Մշակ. Միութիւն
Ամման