ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանը այսուհետ պիտի օգտագործէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագիրը՝ «Հայկական ջարդերու» փոխարէն

2020-10-22
Image

ԱՄՆ Քոնկրէսի գրադարանի որոշմամբ «Հայկական ջարդեր» խորագրի տակ գտնուող գիրքերը եւ այլ նիւթերը այսուհետ պիտի դասակարգուին «Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագրի տակ։  Քոնկրէսի գրադարանը նման որոշում ընդունած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ մի քանի քոնկրէսականներու կողմէ մեկնարկած արշաւի շնորհիւ։

Քոնկրէսի գրադարանին նման փոփոխութիւն կատարելու կոչով նամակներ ուղղած են ԱՄՆ քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆը, Կաս Պիլիրաքիսը, Տինա Թիթուսը, Ֆրենք Փալոնը, Ճեքի Սփէյրը եւ ծերակուտական Պոպ Մենենտեսը։

Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանը նոյնպէս մեծ դերակատարում ունեցած է այս փոփոխութեան մէջ՝ պաշտօնական դիմում ուղարկելով Քոնկրէսի գրադարանին անցեալ ամիս։

Քոնկրէսականները ողջունած են Քոնկրէսի գրադարանի ընդունած որոշումը՝ նշելով, որ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը ցոյց կու տայ պատմութեան իրական պատկերը։